Յարգելի Տիկ Հրւսնուշ Յակոբեւսն, Սփիւռքի Նախարարուհի
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/01/IMG_8887-300x146.jpg)
Յարգելի Տիկ Հրւսնուշ Յակոբեւսն,
Սփիւռքի Նախարարուհի
Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու առթիւ հաճեցէք ընղունիլ շնորհաւորութիւններս: Կը մաղթեմ որ 2014-ը ըլլայ խաղաղ եւ բարօր տարի մը Հայաստանի եւ Արցախի համար, նաեւ Եղեռնի հայիւրամեակի նախաշէմին կարողանանք իրականացնել մեր համազգային պահանջատիրական նպատակները՝ համարձակ նախաձեռնութիւններով:
Իսկ ձեզի անձնապէս, յարգելի Տիկ. Հրանուշ, կր մաղթեմ քաջառողջութիւն, աննկուն կամք եւ յարատեւութիւն՝ կարողանալ իրագործելու համար ձեր ազգօգուտ նպատակները, հայրենիք-Սփիւռք կապերու առաւել ամրապնդումով, Սփիւռքահայութեան հոգեբանութեան խոր թափանցումով եւ Սփիւռքի սպասելիքները իրագործելու ջանասիրութեամբ, միշտ ի մտի ունենալու, որ այդ սպասելիքներուն զլուխր կը գտնուի հայ ազգի ինքնութեան, հոգեմտաւոր կառուցուածքին եւ մշակութային ժառանգութեան հիմքր հանդիսացող լեզուական միասնութիւնը, մանաւանդ գրաւոր լեզուի գետնին վրայ, որ կը կարօտի լուրջ եւ միասնական աշխատանքի: Վստահ եմ որ ձեր իրաւասութեան մէջ գտնուող միջոցներով պիտի նպաստէք այդ աշխատանքներուն:
Յարգանօք՝
Դոկտ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան