Ազնուաշուք Նախարսւրուհի Ջրանուշ Յակոբեաե Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութիւն Երեւան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/01/sedrakyan.jpg)
Ազնիւ Տիկին Յակոբեան,
Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծնունդի տօներուն աոիթով Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Սիութեան Կեդրոնական Վարչական ժոդովին եւ մեր անդամակցութեան անունով, կ՚ողջունենք ձեզ եւ ձեր հարազատները, փոխանցելով մեր ջերմագոյն բարեմադթութիւնները:
Անցնող տարուան հետ կը լրանայ Հ.Հ. Սփիւռքի Նախարարութեան աշխոյժ գործունեութեան հինգերորդ տարին, իսկ Նոր Տարին կը դիմաարենք մտահոգիչ իրադարձութիւններով ծանրաբեռն աշխարհի մը մէջ, որուն տնտեսական ու քաղաքական համընդհանրական խնդիրները եւ շրջանային հակամարտութիւնները իրենց ազդեցութեան ծիրին մէջ կ՚ընդգրկեն նաեւ մեր ժողովուրդր հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ: Համոզուած ենք որ Սփիւռքի Նախարարութիւնը յառաջիկսւյ տարուան ընթացքին եւս պիտի շարունակէ իր արդիւնաւոր գործունեութիւնը, յատկապէս տագնապահար Սուրիահայութեան խնդիրներու դիմազրաւումին կապակցութեամբ: Կը մաղթենք որ Նոր Տարին ըլլայ խաղաղաբեր աշխարհին եւ յատկապէս Սուրիոյ ազնիւ ժողովուրդին համար:
Այս աոիթով ձեզի կը մաղթենք առողջութիւն, արեւշատութիւն ու անսպառ եռանդ Հայրենիք – Սփիւռք յաբաբնրութիւննեբու աշխուժացման եւ գործակցութեան սերտացումի ձեր պատասխանատու եւ հետեւողական աշխատանքին մէջ:
Կը մաղթենք որ Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը ըլլան բարի եւ օրհնաբեր, յաջող ու բարեբեր:
Յարգանքներով Պերճ Սեդրակեան