Վիրդուալ Նոր Նախագիծը Կը Ծառայէ Հայերէն «Ուիքիփետիա» Համայնագիտարանին Մէջ Գիտակրթական Նիւթերու Հարստացման

«Ուիքիմետիա Հայաստան» հասարակական կազմակերպութիւնը կը նախապատրաստէ «Վիքին կը սիրէ գիտութիւն» երկարաժամկէտ եւ անակնկալներով լեցուն նախագիծերու շարք, որուն նպատակն է հայերէն ուիքիփետիան հարստացնել հանրամատչելի գիտակրթական բովանդակութեամբ:
«Վիքին կը սիրէ գիտութիւն»-ը բաղկացած է տասնեակ նախագիծերէ` Վիքին կը սիրէ ֆիզիկա, մաթեմատիկա, բնութիւն, գրականութիւն, կենսաբանութիւն, աշխարհագրութիւն, երաժշտութիւն բժշկութիւն եւ այլն:
«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին այս մասին տեղեկացուց «Ուիքիմետիա Հայաստան» ՀԿ նախագահ Սուսաննա Մկրտչեան:
«Սկզբում մենք փորձում ենք ակտիւացնել բոլոր բնագաւառները: Դուրս են բերուել ցանկեր, որոնք համալրուած են հանրագիտարաններից, բայց, ամենայն հաւանականութեամբ, այդ տեղեկատուութիւնը նորացնելու անհրաժեշտութիւն կ’առաջանայ, քանի որ հանրագիտարանները 20-30 տարուայ պատմութիւն ունեն»,- նշեց Սուսաննա Մկրտչեան:
Անոր խօսքով` այն բնագաւառներուն մէջ, ուր աշխուժ մասնակիցներու թիւը կը գերազանցէ մի քանի տասնեակ, այդ բնագաւառներու զարգացման համար յատուկ մրցանակներ պիտի սահմանուին, պիտի յայտարարուի մրցանակաբաշխութիւն:
«Վիքին կը սիրէ գիտութիւն» նախաձեռնութիւնը «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ին , որ կրնայ կիրառելի դառնալ այլ երկիրներու ուիքիփետիաներու կողմէ եւս: «Հնարաւոր է, որ այլ երկիրների ուիքիպեդիստները եւս կիրառեն այս փորձը, բայց պէտք է նշեմ, որ զարգացած երկրներում իրավիճակը մի փոքր այլ է. այնտեղ դպրոցներում եւ համալսարաններում Ուիքիփետիայի դերը կրթութեան ոլորտում կարեւորւում է այն աստիճան, որ կարող են յանձնարարութիւնները տրուեն Ուիքիփետիայում նոր յօդուածներ աւելացնելու համար»,- նշեց Սուսաննա Մկրտչեանը` յորդորելով իւրաքանչիւրին մասնակցութիւն ունենալ գիտութեան եւ կրթութեան մասին նիւթերու համալրման:
Ուիքիփետիան ազատ հանրագիտարան է, ուր կրնայ խմբագրել իւրաքանչիւր ոք: Ներկայիս հայերէն Ուիքիփետիան ունի 107 հազար 889 յօդուած: