Պատարագ Մատուցուած Է Տիարպեքիրի Հայկական Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ Մէջ

Տիարպեքիրի (պատմական Աղձնիք) Սուրի շրջանին մէջ գտնուող հայկական սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած է պատարագ: Պատարագին  մասնակցած են բազմաթիւ հրաւիրեալներ ինչպէս Թուրքիոյ տարբեր շրջաններէ, այնպէս ալ արտասահմանէն:

Թրքական «Սթար գիւնդեմ» լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ պատարագին մասնակցած է նաեւ « The Wall Street Journal» թերթի լրագրող, նիւեորքաբնակ Աւետիս Հատիճեանը, որ արմատներով Տիարպեքիրցի է:

Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ Տիարպեքիր բնակող ուտի յայտնի վարպետ Երուանդ Պոստանջըն, Պետրի Այսելին, սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Եուսուֆ Աքպուլուոը եւ այլք:

Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին Մերձաւոր Արեւելքի ամենամեծ հայկական եկեղեցին է:  2011 թուականին վերանորոգուած եկեղեցւոյ մէջ տարին քանի մը անգամ պատարագ կը մատուցուի:

2013 թուականին Տիարպեքիրի քիւրտ քաղաքապետ Օսման Պայդեմիրի եւ սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ հիմնադրամի ղեկավարութեան միջեւ համաձայնութիւն  ձեռք բերուած էր եկեղեցւոյ մէկ հատուածը օգտագործել որպէս թանգարան, ուր պէտք է ցուցադրուին քաղաքի հայկական անցեալը ներկայացնող ցուցանմուշներ:

ermenihaber.am

Scroll Up