World Music Awards.Սիրուշոն Ներկայացուած Է Երեք Անուանակարգերով

Ապրիլին նախանշուած է ամենամեայ Համաշխարհային երաժշտական մրցանակաբաշխութիւնը` World Music Awards-ը, որուն կը մասնակցին աշխարհի լաւագոյն արուեստագէտները:

Այս տարի մրցանակի յաւակնորդներու շարքին ընդգրկուած է նաեւ մեր հայրենակցուհի Սիրուշոն` որպէս եւրոպական արուեստագէտ: Այս առաջին անգամն է, որ Հայաստանէն ներկայացուցիչ կը մասնակցի համաշխարհային այս մրցանակաբաշխութեան:

Սիրուշոն ներկայացուած է երեք անուանակարգերով.

Լաւագոյն երգչուհի
Լաւագոյն երգ (PreGomesh)
Լաւագոյն տեսահոլովակ (PreGomesh)

Այս մրցանակաբաշխութեան ներկայացուած ըլլալը մեծ նուաճում է: փափաքողները կրնան Սիրուշոյի օգտին քուէարկել World Music Awards-ի պաշտօնական կայքին մէջ:

NEWS.am STYLE

Scroll Up