Ցեղասպանութեան Չմոխրացող Ցաւը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/01/xFT8kFK9MF4e1jAUrM2hv39HMr.jpg)
Երեւանի Հրաչեայ Ղափլանեանի անուան տրամադիկական թատրոնին մէջ սկսան Պերճ Զէյթունցեանի «Փարիզեան դատավճիռ» թատերգութեան բեմադրական աշխատանքները:
Նշանաւոր թատերագիրն իր ստեղծագործական կեանքէն զգալի մաս մը նուիրած է Ցեղասպանութեան թեմայի գեղարուեստական արտացոլման` գրելով «Վերջին արեւագալը» վէպը, «Ոտքի, դատարանն է գալիս» , «Մեծ լռութիւն» , «Հարիւր տարի անց» դատերգութիւնները: Նոր ստեղծագործութիւնը, որ թատերագիրը գրած է յատուկ Տրամադիկական թատրոնի համար` Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով, նուիրուած է Փարիզի մէջ 1984 թուականին տեղի ունեցած դատավարութեան, ուր որպէս մեղադրեալներ դատարանի առջեւ կանգած էին հայկական գաղտնի բանակի խիզախ զինուորները: Այս դատը ժամանակին համարուեցաւ ամենաաղմկահարոյցներէն մէկը, ուր շարունակուեցաւ Ցեղասպանութեան թեման, մէկ անգամ եւս աշխարհին ներկայացուեցան 1915-ի ողբերգական դէպքերը: Դատի ժամանակ հնչեց պաշտպանի խօսքը, որ մարտահրաւէր էր ժխտողականութեանն ու ժամանակակից Թուրքիոյ որդեգրած դիրքորոշման. «Ոմանք կը հարցնեն, թէ ժամանակակից թուրքերը ինչո՞վ պատասխանատու են վաթսունութ տարի առաջ պատահած դէպքերուն համար: Անոնք իրենք իրենց պատասխանատու կը դարձնեն հէնց անով, որ չեն ընդունիր ցեղասպանութիւնը, իր հինաւուրց բնօրրանին մէջ ապրած ամբողջ ժողովուրդի մը գոյութիւնը: Ւնչու՞ թուրքերը կ’ուրանան ցեղասպանութիւնը: Շատ պարզ պատճառով: Չուրանալ կը նշանակէ ընդունիլ, որ 300.000 ք.կմ հաշւուող ընդարձակ տարածքին մէջ հայեր ապրած են: Եւ եթէ անոնց արտաքսած են, կոտորած, ուրեմն վերադառնալու, իրենց հայրենիքին մէջ վերահաստատուելու իրաւունք ունին: Տիկնա´յք եւ պարոնա´յք երդուեալներ, դուք կրնաք ըսել, որ ատիկա ձեր խնդիրը չէ, դուք քրէական գործ կը լսէք, սակայն ես կ’ուզեմ, որ բոլորին պարզ դառնայ, թէ ինչու այս երիտասարդները զէնք վերցուցած են, բռնութեան դիմած: Հասկնալի Է, մենք բոլորս ալ կը ցանկանանք, որ ժողովուրդները ոչ թէ անվերջ իրար դէմ պայքարին, այլ հաշտ, համերաշխ ապրին, սակայն երբ մարդէն կը խլեն խօսելու իրաւունքը, կը ժխտեն գոյութիւնը, անգամ երբեմնի գոյութիւնը, արժանապատուութիւնը պահպանելու համար ան ստիպուած կ’ըլլայ դիմել թերեւս ծայրայեղ, բայց նաեւ արդիւնաւէտ միջոցի` բռնութեան: Կրնան հակաճառել, որ այս տղաները զինուորներ չեն, Հայաստանը եւ Թուրքիան չեն պատերազմիր, միայն զինուորները զէնք կրելու, ամէն պահի սպանելու իրաւունք ունին: Անոնք կրնան փլատակներու վերածել Դրեզդէն քաղաքը, Հիրոսիմայի վրայ ռումբ նետելով` միլիոնաւոր մարդոց, մէջը ըլլալով կանանց, երեխաներ սպաննել: Ւսկ Հայաստանը, քանի որ այլեւս գոյութիւն չունի, «կանոնաւոր» բանակ չի կրնար ստեղծել: Յիրաւի, տարօրինակ տրամաբանութիւն է: Չէ՞ որ Թուրքիան առանց պատերազմ յայտարարելու գնդակահարեց հայ տղամարդոց, կոտորեց ծերունիներուն, կանանց ու երեխաներուն, հատուկենտ վերապրող որբերուն նաւերը լեցուց, օտար երկիրներ արտաքսեց: Դուք` թուրքերդ, կը կարծէք, որ այդքանը բաւական է, պատերազմը աւարտած է՛, բայց արդեօ՞ք այն աւարտած է հայերու համար, որոնցմէ խլած են բնօրրանը, որոնք կ’ուզեն յարատեւել: Ո´չ, այս տղաները ահաբեկիչներ չեն, հայ ժողովուրդի զինուորներն են, այն ժողովուրդին, որ դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, պետութիւններու վրայ ճնշում գործադրելու միջոցներ չունի, բայց կ’ապրի, կը գոյատեւէ մշակոյթի, լեզուի, զաւակներու, ինչպէս նաեւ հերոսներու ու նահատակներու շնորհիւ, յատկապէս զինուորներու, որոնց այսօր դուք կը դատէք: Եթէ անգամ դատապարտէք, յիշեցէ´ք, որ զինուորներու կը դատապարտէք»:
Իր նոր թատերգութիւնը Պերճ Զէյթունցեան գրած է արձակագիր եւ հրապարակախօս Գրիգոր Ջանիկեանի «Հայերու դատը Փարիզի մէջ» գիրքի հիման վրայ յենուելով ճշգրիտ փաստերու ու դատական արձանագրութիւններու վրայ…
Մեզի հետ զրոյցի ընթացքին գրողը ըսաւ. «Կարծում եմ, որ այս ստեղծագործութեամբ ես կը փակեմ իմ հաշիւները Ցեղասպանութեան թեմայի հետ: Իմ կեանքի մի զգալի մասը նուիրեցի Ցեղասպանութեան զոհերին, ճշմարտութեան վերհանմանը: Անսպառ է Ցեղասպանութեան թեման, բազմաթիւ են տակաւին չուսումնասիրուած փաստերը, շատ են այն խանդավառ երիտասարդները, որոնք ապրում են վրէժի ու փոխհատուցման սպասելիքներով: Ես թշնամանք չեմ հրահրում եւ ի զէն չեմ կոչում, իմ գրողական նպատակն է, որ Թուրքիան ընդունի այս ահաւոր ոճիրը, որպէսզի մաքրագործուի մարդկութիւնը` հասկանալով, որ ազգերին տրուած է խաղաղ ապրելու իրաւունքը, ամէն մի ժողովուրդ այս երկրագնդի վրայ հաստատում է իր գոյութեան կերպը, նպատակը… Ուրեմն, ոչ ոք իրաւունք չունի սպաննելու մի ողջ ժողովրդի»:
«Փարիզեան դատավճիռ» թատերգութեան բեմադրական աշխատանքները կ’իրականացնէ թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար, ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտ, ՀՀ պետական մրցանակի դափնեկիր Արմէն Խանդիկեան:
Լ.Մ.