Վրաստանի ՀՕՄ-ի անդամները Ամանորի Առիթով Այցելած են Նինոծմինտա
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/01/11-687x299.jpg)
Վրաստանի ՀՕՄ-ի անդամները Ամանորի ծրագիրի ծիրէն ներս այցելած են Նինոծմինտայի շրջանային հիւանդանոցի ծննդատուն, ուր շնորհաւորած են նորածիններու մայրերու Ամանորը:
Ծննդատան մէջ ՀՕՄ-ուհիները մայր դարձած կանանց եւ անոնց նորածին երեխաներուն բաժնած են նուէրներ:
ՎՀՕՄ-ի կազմակերպած յաջորդ ծրագիրը Նինոծմինտայի մէջ ծնողազուրկ երեխաներու համար էր, որ տեղի ունեցած է Նինոծմինտայի Սբ.Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ:
Չնայած եղանակային վատ պայմաններուն, եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած էին երեխաներ տարբեր գիւղերէ: ՀՕՄ-ուհիները երեխաներու Ամանորը շնորհաւորելէ ետք անոնց նուիրած են տօնական նուէրներ:
Յիշեցնենք, որ Ախալքալաքի մէջ ՎՀՕՄ-ի կողմէ կրկին ծնողազուրկ երեխաներու եւ հաշմանդամներու համար կազմակերպուեած էր ամանորեայ ձեռնարկ, որուն ընթացքին երեխաներուն բաժնուած էին ամանորեայ նուէրներ:
ՀՕՄ-ուհիները այցելած էին նաեւ Ախալքալաքի ծննդատուն եւ այնտեղ եւս նուէրներ բաժնած նորածիններու մայրերուն:
Ինչպէս արդէն տեղեկացուցած էինք, Ախալցխայի մէջ նոյնպէս տեղի ունեցած էր ծնողազուրկ երեխաներու համար բարեգործական ձեռնարկ: