Արցախեան Մեծ Հարսանիքի 1000-էն Աւելի Ժառանգներուն Յատկացուած Օգնութիւնը Կը Շարունակուի
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/01/harsanik.jpg)
2008 -ի Հոկտեմբերին “Արցախեան մեծ հարսանիք”-ի ծիրէն ներս ձեւաւորուած 674 երիտասարդ ընտանիքներու մէջ ծնած է 1070 երեխայ՝ Ստեփանակերտ 392, Մարտակերտ 120, Ասկերան 155, Շուշի 50, Մարտունի 199, Հադրութ 72, Քաշաթաղ 58, Շահումեան 24 երեխաներ: Այս մասին կը յայտնէ ԼՂՀ աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերու նախարարութեան կայքը։
Աղբիւրի համաձայն մեծ հարսանիքի հովանաւորները` Ռուսիոյ մէջ բնակող շարք մը հայ գործարարներ եւ բարերարներ` Լեւոն Հայրապետեան, Ռուբէն Վարդանեան, Սերգէյ Սարկիսով, Դանիիլ Խաչատուրով, Աշոտ Խաչատրեան, Գագիկ Զաքարեան, Սէյրան Կարապետեան, Գոռ Նահապետեան, Կարէն Մկրտչեան, Արարատ Թաւադեան, Վլադիսլաւ Ղասումեան, Սամուէլ Սարգսեան, որոշած են շարունակել աջակցութիւնը նորաստեղծ ընտանիքներուն: Մասնաւորապէս, մեծ հարսանիքին մասնակցած զոյգերուն բարերարները տրամադրած են միանուագ 2000-ական ԱՄՆ տոլար եւ նախատեսած են այդ ընտանիքներու մէջ մինչեւ 2013-ի Դեկտեմբեր 31 ծնուած երեխաներուն աջակցութիւն ցոյց տալ հետեւեալ չափերով. առաջին երեխայի համար` 2000, երկրորդի համար` 3000, երրորդի համար` 5000 եւ չորրորդ երեխայի համար` 10 000 ամերիկեան տոլար:
Ընդհանուր առմամբ, 707 ծնած երեխաներու համար անոնց ընտանիքներուն, ներկայիս, յատկացուած է 1 միլիոն 584 հազար ԱՄՆ տոլար: Յառաջիկային կը նախատեսուի 363 երեխաներու համար անոնց ընտանիքներուն վճարել եւս 1 միլիոն 123 հազար ամերիկեան տոլարի չափով գումար եւ այդքանով աւարտել ծրագիրը: