10 Տարուան Ընդմիջումէն Ետք Պուլկարիոյ Հայոց Թեմը Ընտրեց Նոր Թեմական Խորհուրդ

Յունուար 11-ին Պուլկարիոյ Շումեն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Պուլկարիոյ Հայոց թեմի հերթական Թեմական պատգամաւորական ընդհանուր ժողովը, որուն կը մասնակցէին 51 պատգամաւորներէ 40-ը` ընտրուած Պուլկարիոյ  հայաշատ քաղաքներէն:

ժողովը սկսաւ Շումենի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ  Տէրունական աղօթքով, որմէ ետք Պուլկարիոյ Հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Աբգար վրդ. Յովակիմեան իր օրհնութեան խօսքը ուղղեց բոլոր պատգամաւորներուն եւ ներկայ հաւատացեալներուն: Ժողովի բացման ներկայ էր նաեւ Շումենի նահանգապետ Վենցիսլաւ Վենկովը, որ իր գնահատանքի խօսքը բերաւ ժողովականներուն եւ մաղթեց արդիւնաւէտ ընտրութիւններ:

Այնուհետեւ ժողովը շարունակուեցաւ «Շումեն» հիւրանոցի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ: Ժողովը կը վարէր Վառնայի ընդհանուր դատարաններու գլխաւոր դատաւոր Վանուհի Առաքէլեան` Պուլկարիոյ Հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Աբգար վրդ. Յովակիմեանի նախագահութեամբ: Ժողովականները ընտրեցին պատգամաւորական ժողովի  ընտրական յանձնաժողով:

 ժողովին ընթացքին զեկոյցներով հանդէս եկան Պուլկարիոյ Հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Աբգար վրդ. Յովակիմեան, Պուլկարիոյ Հայոց թեմի թեմական խորհուրդի ատենապետ Ռուբէն Գրիգորեան եւ Պուլկարիոյ Հայոց թեմի թեմական խորհուրդի  վերստուգիչ յանձնախումբի ատենապետ Օննիկ Ալթունեան:

Այնուհետեւ Պուլկարիոյ Հայոց թեմի գործող Կանոնադրութեան համաձայն` տեղի ունեցան Պուլկարիոյ Հայոց թեմի թեմական խորհուրդի եւ Թեմական խորհուրդի Վերստուգիչ յանձնախումբի ընտրութիւնները:

 40 պատգամաւորներէն գաղտնի ընտրութեամբ ընտրուեցան Թեմական խորհուրդի 9 անդամներ` Անդրանիկ Շաքարեան, Ռուբէն Չաուշեան, Սարգիս Քրաջեան, Տ. Տիրայր քահանայ Հատաւեան, Սերժ Մանաշեան, Միհրան Գարեգինեան, Պօղոս Կարճարեան, Յակոբ Կիւրեղեան, 2 փոխանորդներ` Պօղոս Մանուկեան եւ Շողեր Սիմոնեան, եւ Թեմական խորհուրդի Վերստուգիչ յանձնախումբի  5 անդամներ` Օննիկ Մէջելեան, Օննիկ Գիւլեան, Կարէն Յարութիւնեան, Արմէնակ Կիւմուշեան եւ Խաչիկ Մանկիկեան:

Ժողովի վերջաւորութեան Առաջնորդական տեղապահ Տ. Աբգար վրդ. Յովակիմեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր թեմական պատգամաւորներուն մասնակցութեան համար, իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց նախկին Թեմական խորհուրդի անդամներուն եւ շնորհաւորեց նորընտիր Թեմական խորհուրդի անդամները` մաղթելով բարի եւ աստուածահաճոյ ծառայութիւն:

«Կանթեղ Արարատեան»,  պուլկարահայ լրատուական կայք

Scroll Up