Մարսէլահայերը Բողոքի Ցոյց Պիտի Իրականացնեն` Օլանտի Թուրքիա Այցի Առիթով
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/01/910289.jpeg)
Մարսէլահայերը յունուար 25-ին բողոքի ցոյց պիտի իրականացնեն` յունուար 27-28 Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուայ Օլանտի` Թուրքիա կայանալիք այցի առիթով: Այս մասին կը գրէ «Nouvelles d’Armռnie» ամսագիրը:
«Այդ իրադարձութիւնը թրքական իսլամապահպանողական վարչակարգի հետ Փարիզի սերտացման մասն է` Եւրոպա Թուրքիան մուտք գործելու բանակցութիւններուն նոր հատոր բանալուն զուգահեռ: Եւրոպական արժէքներուն հաւատարիմ բոլոր ֆրանսացիները, ըլլան հայ թէ ոչ, կը խնդրեն մեր նախագահին աւելի խիստ դիրքորոշում ունենալ երկրի մը նկատմամբ, որ չի յարգեր մարդու եւ ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, կը բանտարկէ լրագրողները, տասնամեակներով կը շարունակէ Հայաստանի արգելափակումը, անօրինաբար գրաւած է հիւսիսային Կիպրոսը եւ կը շարունակէ չճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի կոչին համաձայն` մենք մեր դժգոհութիւնը կը յայտնենք մեր շրջանին մէջ, ինչպէս որ պիտի կատարուի Փարիզի, Լիոնի եւ այլ քաղաքներու մէջ»,– ըսուած է կազմակերպիչներու յայտարարութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը Փարիզի մէջ իր նիստի ժամանակ անդրադարձած էր 2014թ. յունուար 27-28-ին Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուայ Օլանտի` Թուրքիա կայանալիք այցին: «Հաշուի առնելով իրավիճակի լրջութիւնը` Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը վճռած է Ֆրանսուայ Օլանտի այցի նախօրէին ամբողջ երկրով Եւրոպային Թուրքիոյ ներգրաւման դէմ բողոքի ցոյցեր կազմակերպել: Խորհուրդը նաեւ իշխանութիւններէն կը պահանջէ իրաւական միջոցներ տրամադրել` Հայոց ցեղասպանութեան հերքման դէմ պայքարելու համար»,– նշուած է խորհուրդի յայտարարութեան մէջ: