Հայաստանի ԱԳ Նախարարի Այցելութիւնը Քուպա

Յունուար 10-ին Քուպայի Ազգային հերոս Խոսէ Մարտիի յուշարձանի մօտ ծաղկեպսակի զետեղմամբ մեկնարկեց Հայաստանի նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի պաշտօնական այցելութիւնը Քուպա: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն:

Հաւանայի մէջ Հայաստանի ԱԳ նախարարին ընդունեց Քուպայի նախարարներու խորհուրդի փոխնախագահ Ռիքարտօ Քապրիսա Ռուիզը:

Ողջունելով Հայաստանի ԱԳ նախարարին` Քուպայի նախարարներու խորհուրդի փոխնախագահը նշեց, որ Քուպայի մէջ Հայաստանին կը վերաբերին ամենայն ջերմութեամբ, եւ վստահութիւն յայտնեց, որ առաւել քան տաս տարուան ընդմիջումէն ետք  առաջին բարձրաստիճան այցելութիւնը նոր թափ պիտի հաղորդէ ինչպէս երկկողմ յարաբերութիւններուն, այնպէս ալ բազմակողմ ձեւաչափով համագործակցութեան:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` նախարար Նալբանդեան ընդգծեց, որ իր այցելութիւնը միտուած է ամրապնդելու Քուպայի հետ հաստատուած բարեկամական յարաբերութիւնները, բացայայտելու փոխգործակցութեան նոր ուղիներ:

Ռիքարտօ Քապրիսա Ռուիզը Էդուարդ Նալբանդեանին ներկայացուց Քուպայի կառավարութեան կողմէ երկրի տնտեսութեան արդիականացման նպատակով նախատեսուող բարեփոխումները: Ան ընդգծեց, որ Քուպան պատրաստակամ է Հայաստանի հետ խորացնել փոխգործակցութիւնը քաղաքական, տնտեսական եւ հնարաւոր այլ ուղղութիւններով:

Քուպայի նախարարներու խորհուրդի փոխնախագահը եւ Հայաստանի ԱԳ նախարարը հանգամանալից քննարկեցին առեւտրատնտեսական, առողջապահութեան, գիտակրթական եւ մշակութային բնագաւառներու մէջ համագործակցութիւնը ընդլայնելու նպատակով համատեղ ձեռնարկուելիք քայլերը:

Նոյն օրը տեղի ունեցան Հայաստանի եւ Քուպայի ԱԳ նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Պրունօ Ռոտրիկէս Փարիայի բանակցութիւնները:

Ողջունելով հայաստանցի գործընկերոջ այցելութիւնը` Քուպայի ԱԳ նախարարը խնդրեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին փոխանցել Քուպայի ղեկավար Ռաուլ Քասթրոյի ողջոյններն ու բարեմաղթանքները:

Նախարար Ռոտրիկէսը նշեց, որ իր երկրին մէջ բարձր կը գնահատեն երկրին մէջ մի քանի տասնամեակ աշխատած հայ մասնագէտներու ներդրումը, որոնք իրենց ուրոյն ներդրումը ունեցած են Քուպայի զարգացման գործին:

            Հանդիպման ընթացքին նախարարները վերահաստատեցին իրենց երկիրներու շահագրգռուածութիւնը` հիմնուելով պատմականօրէն ձեւաւորուած փոխադարձ յարգանքի եւ համակրանքի վրայ` գործուն քայլեր ձեռնարկել յարաբերութիւններու ամրապնդման, խորացման եւ ընդլայնման նպատակով:

Հայաստանի եւ Քուպայի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները հանգամանալից քննարկեցին քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացման, միջազգային կառոյցներուն մէջ համագործակցութեան սերտացման, իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման, առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման, գիտակրթական եւ մշակութային փոխանակումներու խթանման նպատակով իրականացուելիք համատեղ քայլերը:

Զրոյցին ընթացքին կարեւորուեցաւ զբօսաշրջութեան խթանման նպատակով Հայաստանի քաղաքացիներու համար Քուպա մուտքի դիւրացումը:

Քուպայի նախարարը ներկայացուց Լատին-ամերիկեան տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացները եւ անոնց մէջ իր երկրի դերակատարութիւնն ու մօտեցումները:

Իր հերթին նախարար Նալբանդեան ներկայացուց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները, ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ իրականացուող ջանքերը:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին տարածաշրջանին եւ միջազգային օրակարգի  շարք մը խնդիրներու շուրջ:

Հայաստանի նախարարը քուպացի գործընկերոջ հրաւիրեց այցելել Երեւան:

Նախարարական հանդիպումէն ետք Քուպայի ԱԳ նախարարը պաշտօնական ընդունելութեամբ պատուեց Հայաստանի ԱԳ նախարարը, ընդուելութեան ներկայ էին Քուպայի ԱԳՆ ղեկավարութիւնը, Հաւանայի մէջ հաւատարմագրուած շուրջ հինգ տասնեակ դեսպաններ:

Նոյն օրը Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ Քուպայի խորհրդարանի փոխնախագահ Աննա Մարիա Մարի Մաչադոյի հետ:

Քուպայի խորհրդարանի ղեկավարի տեղակալը Հայաստանի ԱԳ նախարարին ներկայացուց խորհրդարանի կառուցուածքը եւ գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները`  նշելով, որ Քուպայի օրէնսդիր մարմինը կը ցանկայ իր ներդրումը ունենալ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ:

Այդ ծիրէն ներս շեշտուեցաւ երկու երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ ձեւաւորուած հայ-քուպայական բարեկամութեան խումբերու միջեւ շփումներու աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը, որ զրուցակիցներու համոզմամբ լրջօրէն պիտի խթանէ համագործակցութեան ընդլայնումը:

ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Քուպայի արտաքին առեւտրի եւ ներդրումներու նախարար Ռոտրիկօ Մալպիեկա Տիազի հանդիպման ընթացքին  հանգամանալից քննարկուեցան երկու երկիրներու առեւտրատնտեսական համագործակցութեան զարգացման առնչուող  շարք մը հարցեր:

Նախարար Մալպիեկան, ընդգծելով քուպայական կողմի շահագրգռուածութիւնը` խորացնել Հայաստանի հետ տնտեսական փոխգործակցութիւնը, մանրամասն տեղեկութիւններ հաղորդեց Քուպայի մէջ ծրագրուող տնտեսական բարեփոխումներու եւ ընձեռուող հնարաւորութիւններու վերաբերեալ: Այս ծիրէն ներս արծարծուեցան երկու երկիրներու Առեւտրի պալատներու միջեւ փոխգործակցութեան հաստատման հնարաւորութիւնը:

Քուպայի արտաքին առեւտրի նախարարը հրաւիրեց Հայաստանին մասնակցելու այս տարուան աշնանը կայանալիք Հաւանայի ամենամեայ միջազգային ցուցահանդէսին` պատրաստակամութիւն յայտնելով անվարձահատոյց տարածք տրամադրել հայկական տաղաւարին համար:

Նախարարները կարեւոր համարեցին տնտեսական շրջանակային համաձայնագրերու նախապատրաստումը` որպէս այդ բնագաւառէն ներս փոխգործակցութեան խթանման կարեւոր քայլ:

Հաւանայի մէջ Էդուարդ Նալբանդեան այցելեց Քուպայի Պիոտեխնոլոկիայի եւ գենետիկ ինժեներիայի (Կենսատեխնոլոկիական եւ ծագումնաբանական չափագիտութիւն) գիտահետազօտական կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ կեդրոնի ղեկավարութեան եւ գիտաշխատողներուն հետ, որոնք Հայաստանի ԱԳ նախարարին ներկայացուցին իրենց հետազօտութիւններու արդիւնքով արձանագրուած ձեռքբերումները:

Զրոյցին ընթացքին արծարծուեցան Քուպայի Պիոտեխնոլոկիայի եւ գենետիկ ինժեներիայի կեդրոնի եւ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիայի համապատասխան կառոյցներու միջեւ համագործակցութեան հաստատման հնարաւորութիւնները:

Scroll Up