Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւններու Ամենամեայ Ճաշկերոյթին Ներկայ Պիտի Ըլլայ Երկրի Արդարադատութեան Նախարարը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/01/188556.jpg)
Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը յունուար
29-ին Փարիզի մէջ կը կազմակերպէ իր ամենամեայ ճաշկերոյթը` Ֆրանսայի կառավարութեան
ներկայացուցիչի, հանրապետութեան ընտրուած պաշտօնեաներու եւ այլ բարձրաստիճան
անձերու ներկայութեամբ: Այդ մասին կը գրէ ֆրանս-հայկական «Nouvelles
d’Armռnie» ամսագիրը:
Ամենամեայ ճաշկերոյթի պատուաւոր հիւրերը պիտի ըլլան Ֆրանսայի արդարադատութեան
նախարար Քրիստին Թոպիրան, ֆրանսացի քաղաքական լրագրող, փիլիսոփայ եւ գրող
Պեռնար Անրի Լեւին, աշխարհահռչակ երգիչ եւ Հայաստանի դեսպան Շառլ
Ազնաւուրը: Ձեռնարկին ընթացքին Ֆրանսայի հայկական
կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը պիտի ազդարարէ «2015թ.`
ցեղասպանութեան հարիւրամեակ» ծրագիրի մեկնարկը: Ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ
«Salons Hoche»-ի սրահներէն մէկուն մէջ:
news.am