Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոս 2014-ը կը հռչակէ «Տարեցներու Տարի»
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/01/1488203_10200511158856336_1084286553_n.jpg)
Վեհափառ Հայրապետը 2014 տարին հռչակած է «Տարեցներու Տարի»: Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետին պատգամը պիտի կարդացուի յառաջիկայ Կիրակի 12 Յունուարին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ: Վեհափառ Հայրապետին պատգամը պիտի կարդացուի նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերէն ներս:
Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամի վերջաւորութեան հետեւեալ թելադրութիւնը կը կատարէ.–
ա) Իւրաքանչիւր ընտանիքի առաջնահերթ ու նուիրական պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ իր տարեց անդամներուն նկատմամբ անհրաժեշտ հոգածութիւնը ցուցաբերել բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ:
բ) Մեր ժողովուրդի զաւակներուն, եւ յատկապէս մեր նոր սերունդին մօտ տարեցներուն նկատմամբ մեր ունեցած յարգանքը, սէրն ու նախանձախնդրութիւնը անհրաժեշտ է աւելի խորացնել: Այս ուղղութեամբ մեր ընտանիքները, դպրոցներն ու ակումբները վճռական դեր ունին կատարելիք:
գ) Անհրաժեշտ է նիւթապէս սատարել գործող ծերանոցներուն ու ընկերաբժշկական կեդրոններու գործունէութեան, որպէսզի անոնք կարենան առաւել եւս բարելաւել ու ծաւալել իրենց մարդասիրական ծառայութիւնը:
դ) Տարեցներու գծով մեր հոգածութիւնը աւելի կազմակերպ դարձնելու ու առաւել ծաւալելու անհրաժեշտութենէն մղուած, անհրաժեշտ է նոր ծրագիրներ մշակել արդիական ու մասնագիտական մօտեցումներով: Մեր ունեւոր ազգայինները պէտք է լրջօրէն մտածեն յիշեալ կարիքներուն մասին ։