Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ Խորհրդակցութիւններ

Հինգշաբթի, 9 յունուար 2014-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան եւ յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցերու գծով.
Քրիստոնեայ–Իսլամ Երկխօսութեան Յանձնախումբի
Նախագահին Այցելութիւնը
Շեհապ, Արամ Ա. կաթողիկոս եւ դոկտ. Սալմանեան
Նախ եւ առաջ վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ Հարես Շեհապը: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ նոյն յանձնախումբին մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչ դոկտ. Ժան Սալմանեան: Շեհապ մարոնի համայնքի պատրիարքին կողմէ ղրկուած էր վեհափառ հայրապետին մօտ` խորհրդակցելու համար քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր պետերու հանդիպում մը կազմակերպելու ծրագիրին շուրջ:
Վեհափառ հայրապետը ողջունեց նման հանդիպման մը կայացումը` շեշտելով, որ հեռու պէտք է պահել զայն քաղաքական հարցերէ, ինչպէս նաեւ միջիսլամական հակասութիւններէ, ընգծելով Լիբանանի ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը` շրջանին մէջ տեղի ունեցող տագնապներուն յարաբերաբար: Հանդիպման ընթացքին նաեւ արծարծուեցան նախագահական ընտրութեան, ինչպէս նաեւ «Ժընեւ-2» ժողովին հետ առնչուած հարցեր:
Սիւննի Եւ Շիի Հոգեւորականներու Համախմբումը
Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Սիւննի եւ շիի կրօնաւորներու հետ
Ապա վեհափառ հայրապետը ընդունեց շիի եւ սիւննի համախմբումին մաս կազմող վեց բարձրաստիճան հոգեւորականներ: Անոնք եկած էին` առաջին, վեհափառ հայրապետին պարզելու ընդհանրապէս շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը եւ մասնաւորաբար շիի-սիւննի հակասութիւններու ժխտական անդրադարձը: Երկրորդ, վեհափառին հետ խորհրդակցելու կարգ մը նախաձեռնութիւններու մասին, թէ՛ լիբանանեան եւ թէ՛ միջինարեւելեան մակարդակներու վրայ, հակադիր կողմերու տեսակէտները մօտեցնելու եւ գործակցութիւն յառաջացնելու համար, եւ երրորդ` քրիստոնեայ համայնքներու ներկայութիւնը զօրացնելու շրջանին մէջ:
Յիշեալ հարցերուն գծով վեհափառ հայրապետը իր մտահոգութիւններն ու տեսակէտները պարզեց: Ան շեշտեց քրիստոնեայ համայնքներու ներկայութեան կարեւորութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, եւ այս ուղղութեամբ իսլամ կրօնական ու քաղաքական կառոյցներու զօրակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառը նաեւ շեշտեց երկխօսութեան կենսական կարեւորութիւնը` ըսելով, որ հարցերը կարելի չէ զէնքի ուժով լուծել, այլ միայն` երկխօսութեան ճամբով:
Նախկին Երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ
Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին
Ահտապ եւ վեհափառ հայրապետը
Այցելուներու կարգին էր նաեւ նախկին երեսփոխան եւ Թրիփոլիի սիւննի ղեկավարներէն Մըսպահ Ահտապ: Ան վեհափառ հայրապետին պարզեց հիւսիսային Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական ու ապահովական կացութիւնը: Իր մտահոգութիւնը յայտնեց Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութեան ունեցած ժխտական հետեւանքներուն գծով` Լիբանանի ներքին կացութեան վրայ, ապա շեշտեց նոր կառավարութեան կազմութեան ու նախագահական ընտրութեան հրամայականը:
Վեհափառ հայրապետը իր կարգին ընդգծեց հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը ճշդուած ժամանակին կատարելու եւ սահմանադրական սկզբունքները յարգելու յոյժ կարեւորութիւնը: Վեհափառը նաեւ յիշեցուց, որ ինչպէս Ս. Ծննդեան իր քարոզին մէջ շեշտած էր, Լիբանանի ունեցած բարեկամութիւնները արտաքին ուժերուն հետ պէտք չէ վերածուին ենթակայութեան: Լիբանան իր ինքնորոշման անկախութիւնը պէտք է պահէ ու Լիբանանի գերագոյն շահերը գերիվեր նկատէ համայնքային կամ շրջանային շահերէ ու հաշիւներէ: