Հայաստանի ԱԳ Նախարարի Այցելութիւնը Փանամա

Յունուար 8-ին տեղի ունեցած է ԱԳ Նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի այցելութիւնը Փանամա, այս մասին ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն:
Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Փանամայի ԱԳ նախարար Ֆերնանտօ Ֆապրեկայի հանդիպման ընթացքին շարունակուած են անցեալ տարուան սեպտեմբերին Նիւ-Եորքի մէջ մեկնարկած քննարկումները երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերեալ: Այս ծիրէն ներս Նախարար Ֆապրեկան, ողջունելով հայաստանցի գործընկերոջ այցելութիւնը Փանամա, նշած է, որ այն նոր եռանդ կը հաղորդէ երկկողմ համագործակցութեան:
Նախարար Նալբանդեան ըսած է, որ թէեւ Հայաստանին եւ Փանամային կը բաժնեն հազարաւոր քիլոմեթրեր, սակայն երկիրները համակարծիք են միջազգային շատ հարցերու շուրջ, ինչ որ լաւ հիմք կը հանդիսանայ տարբեր բնագաւառներու մէջ փոխգործակցութեան զարգացման համար:
Երկուստեք կարեւոր համարուած են բարձրաստիճան այցերու կազմակերպումը, իրաւա-պայմանագրային դաշտի ձեւաւորման, ԱԳՆ-երու միջեւ խորհրդատուութիւններու իրականացման, միջազգային կառոյցներու մէջ փոխգործակցութեան սերտացման անհրաժեշտութիւնը, շեշտուած է, որ մայրաքաղաքներու մէջ համատեղութեան կարգով դեսպաններու հաւատարմագրումը կը նպաստէ երկկողմ յարաբերութիւններու առաւել ընդլայնման:
Ֆերնանտօ Ֆապրեկան Էդուարդ Նալբանդեանին ներկայացուցած է Փանամայի ջրանցքի ընդարձակման նպատակով իրականացուող աշխատանքները:
Նախարարները միտքեր փոխանակած են միջազգային եւ տարածաշրջանային խնդիրներու վերաբերեալ:
Նոյն օրը Էդուարդ Նալբանդեան հիւրընկալուած է Փանամայի ազգային ժողովին մէջ, ուր կայացած է Փանամայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Տալեայ Պերնալի հետ հանդիպումը, որուն մասնակցած էր նաեւ փոխ-նախարար Մայրա Արօսեմենան:
Փանամայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին ներկայացուցած է իր կողմէ ղեկավարուող յանձնաժողովի գործունէութիւնը, այլ երկիրներու հետ յարաբերութիւններու զարգացման ուղղուած` Փանամայի խորհրդարանի կողմէ իրականացուող աշխատանքները:
Տալեայ Պերնալին ողջունած է Էդուարդ Նալբանդեանի առաջարկութիւնը Հայաստանի Ազգային ժողովի հետ բարեկամութեան խումբ ստեղծելու վերաբերեալ` շեշտելով, որ այդ կ’օժանդակէ միջխորհրդարանական կապերը եւ այդ ճանապարհով նաեւ միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման:
Նախարար Նալբանդեան զրուցակիցին ներկայացուցած է ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման նպատակով Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ գործադրուող ջանքերը: