«Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս» Կ՛անդրադառնայ Հայաստան Հաստատուող Ամերիկահայերուն Փորձառութեանց

«Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս» թերթի յօդուածագիր Պրիթնի Լեւին անդրադարձած է Հայաստանի անկախացումէն ետք հոն հաստատուող շարք մը կլենտէյլաբնակ հայերու փորձառութեանց՝ նշելով, թէ անոնց մեծ մասը գաղափարապաշտներ են, որոնք որոշած են անձնապէս մասնակից դառնալ իրենց հայրենիքի բարգաւաճման, հակառակ այն իրողութեան, որ իրենք Հայաստանէն դուրս ծնած են:
Ան կու տայ օրինակը 2006ին Հայաստան հաստատուած ու ներկայիս Հայաստանի մէջ կամաւոր աշխատանքներ կատարել փափաքող սփիւռքահայերու համար կամուրջ մը հանդիսացող «Դէպի Հայք» կազմակերպութեան տնօրէն Սեւան Գապագեանին, որ որոշած էր իր ետին ձգել օդանաւային ճարտարագիտութեան իր 18ամեայ ասպարէզը՝ իր հայրենիքի զարգացման գործնականապէս օգնելու իր երազը իրականացնելու համար, իրեն հետ տանելով նաեւ իր կինն ու Կլենտէյլ ծնած իր երեխաները:
Այլ օրինակ մըն է Ալեքս Սարտարը, որ 2002ին Հայաստանի մէջ զարգացման ծրագիրներ իրականացնող կազմակերպութեան մը մէջ աշխատելու համար Երեւան հաստատուած էր: Հակառակ այն իրողութեան, որ ան նախապէս որոշած էր միայն երկու տարի Հայաստան մնալ, անոր կեցութիւնը գրեթէ 12 տարի տեւած է ու ան միայն վերջերս մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ նոր գործ մը ստանձնած է:
Յօդուածագիրը ապա կը խօսի Հայկական Ցեղասպանութենէն ետք հայկական Սփիւռքի ստեղծումին ու հայութեան ընդհանուր իրավիճակին մասին՝ նշելով, որ մինչ Սփիւռքի հայերուն մեծ մասը զօրաւոր կապեր ունի իր հայկական ինքնութեան եւ մշակոյթին հետ, միայն փոքրամասնութիւն մըն է, որ Հայաստան կը հաստատուի:
Ապա ան կու տայ նաեւ օրինակը Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի նախկին գործավար Սերուժ Աբրահամեանին, որ Հայաստան փոխադրուելով՝ ներկայիս կ՛աշխատի ոչ կառավարական կազմակերպութեան մը մէջ, իսկ անցեալ Մայիսին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն ընթացքին դէտի պաշտօն ստանձնած էր:
Պրիթնի Լեւին կը փոխանցէ նաեւ Կլենտէյլի հայութիւնը ցնցած Ալէն Եքիքեանի ու անոր կնոջ Սօսէ Թոմասեանի արկածահար մահուան միջադէպը՝ նշելով, որ անոնք Սերուժ Աբրահամեանի ընկերներն էին, որոնք հայրենադարձութեան օրինակ հանդիսացած էին:
Անոնց Հայաստան տեղափոխուելէն խանդավառուողներէն մէկն է նաեւ Հրաչ Նովրուզեանը, որ պատրաստակամութիւն յայտնած է Հայաստան հաստատուելու, գործի կարելիութիւն մը ապահովելէն անմիջապէս ետք:
Յօդուածագիրը կը նշէ, թէ իրենց ամէնօրեայ գործին կողքին, Սփիւռքէն Հայաստան փոխադրուածներուն մեծ մասը նաեւ նախաձեռնած է կամաւոր աշխատանքի՝ իր համայնքէն ներս: Զոր օրինակ, Նորա Կայսէրեանը, որ հայկական ոչ կառավարական կազմակերպութեան մը պաշտօնեաներէն է, կը ծրագրէ ինքնապաշտպանութեան դասընթացքներ կայացնել կանանց համար, նկատի ունենալով, որ Հայաստանի մէջ իրենց ընտանիքներէն ներս բռնարարքներու զոհ կ՛երթան բարձր համեմատութեամբ կիներ:

http://asbarez.com

Scroll Up