Նոր Տարի, Հին Ծրագիրներ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/01/logo-glxavor.jpg)
2014 թուականը աստիճանաբար կը մտնէ իր տիրապետութեան սահմանները: Իսկ սա կը նշանակէ, որ տարին պէտք է սկսիլ նոր ծրագիրներով, նոր մտայղացումներով` միաժամանակ հաւատարիմ ըլլալով արդէն հաստատուած աւանդոյթներուն, ժամանակի ընթացքին փորձարկուածին:
ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնն ալ 2014-ի համար նոր ու ինքնայատուկ ծրագիրներ մշակած է, որոնց առանցքին Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդումն է, Սփիւռքի հարցով նոր տեսադրոյթներու եւ հայեցակարգային մօտեցումներու ձեւաւորման հրամայականն է: Սակայն, իբրեւ առաջնութիւն ու ժամանակի հրամայական, նախարարութիւնը կարեւոր կը համարէ այն ծրագիրները, որոնք արդէն աւանդական են, որոնք իրենց շուրջը կը համախմբեն Սփիւռքի շատ հատուածներ` օրէ օր մօտ ու հարազատ դարձնելով Հայրենիքը, որուն մասին տասնամեակներ շարունակ պատկերացումները աղօտ ու անշօշափելի եղած են: Հայրենիքը չէ ընկալուած իր գեղեցկութեամբ եւ հիւրընկալութեամբ, իր դժուարութիւններով հանդերձ` պատրաստակամ տուն ու հանգրուան դառնալու բոլոր անոնց համար, որոնք կը գիտակցին եւ կ’ընդունեն, որ հաւաքականութեան եւ միասնականութեան միակ երաշխաւորը Հայրենիքն է, Հայաստանը… Բնականաբար, 2014-ի առանցքային խնդիրներէն մէկը դարձեալ պիտի ըլլայ «Արի տուն» ծրագիրի իրականացումը, քանզի այս ծրագիրը իր տեսակին մէջ եզակի ու բացառիկ ըլլալով, արդէն ճանաչելի դարձած է սփիւռքեան համայնքներէն ներս, շատերուն համար` սպասելի: Հինգ տարի շարունակ նախարարութիւնը կրցած է սկիզբը քանի մը տասնեակ, իսկ յետագային արդէն հարիւրաւոր երեխաներ Հայաստան հրաւիրել` ամառնային արձակուրդները այստեղ անցնելու, ազգային կենցաղին ու սովորութիւններուն, մշակութային առանձնայատկութիւններուն ծանօթանալու համար: Ծրագիրի գաղափարաբանութեան հիմքին բարեկամութեան հաստատումն է, հայաստանեան եւ սփիւռքեան հասակակիցներու միջեւ կապեր գոյաւորելն է: Ուրեմն, այս ծրագիրը կը ջանայ ընկերական-մտերմական կապեր հաստատել պատանիներու միջեւ` հէնց այս կապերու միջոցով Սփիւռքի մէջ կենդանի պահելու համար մայրենի խօսքը, ազգային նկարագիրը: Հոգեբանական եւ բարոյական մեծ նշանակութիւն ունի այն, որ իրար հետ կը մտերմանան յատկապէս դեռահասները, իրար միջոցով կը ճանչնան Հայաստանը, նաեւ սփիւռքեան այն հատուածները, ուր կ’ապրին հիւրընկալուած հասակակիցները: Կրթական եւ դաստիարակչական ցանկացած աշխատանք արդէն ոչնչութիւն կը դառնայ այն իրական կրթութեան հանդէպ, որ կը ձեւաւորուի Հայաստանի մէջ` մտերմիկ պայմաններու ներքոյ, ընտանեկան յարկի տակ, հասակակիցներու հետ շփումներու արդիւնքով մտահոգուած մայրենիի պահպանման մասին, յաճախ մայրենին սորված այն ընտանիքներուն մէջ, որոնք սիրով իրենց դռները կը բանան սփիւռքեան դեռահասներու առջեւ:
«Արի տուն»-ը ծրագիրին տրուած սոսկական անուն չէ: Սա կանչ է ու պատգամ, հրաւէր է ու անկեղծ յորդոր: Աշխարհի մէջ ամենաթանկը տան զգացողութիւնն է: Մարդ կրնայ ապրիլ ցանկացած շինութեան մէջ, պալատներու մէջ անգամ, սակայն այդպէս ալ չի կրէ տան գաղափարը: Տունը մէկն է ու եզակի: Տունը հայրենիքն է, պապերու ու հայրերու երկիրն է, որ շատ վաղուց դարձած է արեան բաղադրութիւն, արեան կանչ ու գրգիռ: Օտար երկինքներու տակ ծնածներու համար, բնականաբար, հայրենիքի գաղափարը փոքր-ինչ վերացական է, աննիւթական, բայց «Արի տուն» ծրագիրի նպատակն է նիւթականացնել պատկերացումները, ամէն մէկ դեռահասի մէջ արմատաւորել Հայրենիք-Հայաստանի գաղափարը եւ ձեւաւորել հոգու կամուրջ, որն ամենազօրեղն է աշխարհի մէջ: Տարիներու ընթացքին այս ծրագիրի ծիրէն ներս մի քանի հազար երեխայ ու պատանի այցելած է Հայաստան: Այցելութիւնները զբօսաշրջային նախաձեռնութիւններ չեն եղած, երբ ցանկացած տպաւորութիւն հպանցիկ է, հարեւանցի: Նախարարութիւնը ձգտած է Հայաստան եկող ամէն մէկ պատանիին ցոյց տալ իրական երկիրը` ոչ հիւրանոցային սառնութեամբ եւ ոչ ալ ինքնաշարժներու պատուհաններէն դիտուած: Ապրելով հիւրընկալողի յարկի տակ, միանալով ընտանիքին` դեռահասն արդէն կենցաղի, պարզ-առտնին շփումներու մէջ կը տեսնէ Հայաստանը, անբռնազբօս եւ պարզ յարաբերութիւններու ծիրի մէջ կը տեսնէ իսկական երկիրը, հայաստանցիները: Այսպէս կը ձեւաւորուի ծանօթութիւնը, այսպէս կը ծնի սէրը Հայրենիքի հանդէպ: Եւ տան գաղափարը կը դառնայ թանկ ու սիրելի…
Ահա ինչու նախարարութիւնը լրջագոյն վերաբերմունք ունի այս ծրագիրին հանդէպ, որուն ամէն տարի կը պատրաստուի մեծագոյն պատասխանատուութեամբ: 2014-ի ծրագիրն ալ արդէն պատրաստ է, արդէն աշխատանքներ կը տարուին տարբեր գերատեսչութիւններու, մարզպետարաններու հետ` յաւուր պատշաճի ընդունելու պատանի հայրենակիցներուն, որոնցմէ շատերը կը բաժնուին արցունքոտ-տամուկ աչքերով եւ կը պարտաւորուին դարձեալ գալ Հայաստան, իսկական հայրենադարձութեան սկիզբը դնելու…
Ինչպէս յետխորհրդային տարածքին, այնպէս ալ շարք մը եւրոպական երկիրներ, Հայաստանն ալ իր լաւագոյն օրերը չապրիր, դժուարութիւնները ամէն տեղ են, նաեւ` ընկերային կեանքէն ներս, սակայն նախարարութիւնը ամէն ինչ կ’ընէ, որպէսզի արիտունցիները ապրին անհոգ, ուրախ ու նաեւ գիտակցին, որ երկիրը կրնայ հզօրանալ իր զաւակներու տունդարձով նաեւ…
Լ.Մ.