Հրանդ Տինքի Սպանութեան Գործով Ձերբակալուած Է Եասին Հայալի Եղբայրը

«Ակօս» թերթի հայազգի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան առնչութեամբ 18 կասկածեալներու գործը դարձեալ քննելու ծիրէն ներս ձերբակալուած են կասկածեալ Եասին Հայալի եղբայրը` Օսման Հայալը, եւ Զէյնել Ապիտին Եաւուզը:

Անոնց նախ ձերբակալած են, որմէ ետք դատարանը կալանաւորելու մասին որոշում կայացուցած է:

Երբ ձերբակալուածներուն նստեցուցած են մեքենայ` կալանավայր տանելու նպատակով, մեքենաներէն մէկուն մօտեցած է Հայալի հայրը, եւ յայտնած, որ կ’ուզէ որդիին գումար փոխանցել: Ոստիկանները, սակայն, թոյլ չեն տուած:

Հնարաւոր է, որ ձերբակալուածներուն կը տեղափոխեն Սթամպուլ` ցուցմունք տալու:

Երէկ Սթամպուլի մէջ տեղի  ունեցած էր Տինքի ընկերներու բողոքի ցոյցը` սպանութեան պատուիրատուներուն բացայայտելու պահանջով, որուն ընթացքին մասնակիցները յայտարարած էին, թէ Տինքի սպանութիւնը 1915թ.-ի շարունակութիւնն է:

http://www.tert.am

Scroll Up