Հայաստանի ԱԳ Նախարարի Այցելութիւնը Փերու

Յունուար 6-ին մեկնարկած է ԱԳՆ Էդուարդ Նալբանդեանի պաշտօնական այցելութիւնը Փերու:

 Նոյն օրը կայացած է Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Փերուի արտաքին գործոց նախարար  Էտա Ռիւաս Ֆրանչինիի հանդիպումը, որ սկսած է առանձնազրոյցի ձեւաչափով, ապա շարունակուած  պատուիրակութիւններու մասնակցութամբ:

 Փերուի ԱԳ նախարարը ողջունած է 21 տարի առաջ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր Հայաստանի ԱԳ նախարարի առաջին այցելութիւնը Լիմա եւ ընդգծած, որ այցը հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ քննարկելու եւ բացայայտելու փոխշահաւէտ համագործակցութեան բնագաւառները:

 Շնորհակալութիւն յայտնելով այցելութեան հրաւէրի եւ ջերմ ընդունելութեան համար` նախարար Նալբանդեան ըսած է, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան կարեւորագոյն բաղադրիչներէն է նոր գործընկերներու ձեռքբերումը, տարբեր աշխահրամասերու մէջ Հայաստանի բարեկամներու թիւի աւելացումը եւ այդ է  իր այցելութեան հիմնական նպատակը: Հանդիպման ընթացքին նախարարներ Նալբանդեանն ու Ռիւասը միտքեր փոխանակած են քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացման, առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման, ապակեդրոնացուած փոխգործակցութեան խթանման, կրթութեան, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան բնագաւառներուն մէջ համագործակցութեան հաստատման նպատակով իրականացուելիք համատեղ քայլերու շուրջ:

 Հայաստանի եւ Փերուի արտաքին գործոց նախարարները պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են Երեւանի եւ Լիմայի մէջ համատեղութեան կարգով դեսպաններու հաւատարմագրման, պատուոյ հիւպատոսներու նշանակման, իրաւա-պայմանագրային դաշտի ձեւաւորման, ԱԳՆ-երու միջեւ խորհդատուութիւններու իրականացման, միջազգային կառոյցներու մէջ համագործակցութեան սերտացման, տնտեսական ոլորտի շրջանակային համաձայնագրերու, մուտքի արտօնագրային կարգի դիւրացման վերաբերեալ համաձայնագրերու մշակման եւ յառաջիկայ բարձր մակարդակի հանդիպման ընթացքին  ատոնց ստորագրման վերաբերեալ:

 Նախարար Ռիւաս իր հայաստանեան գործընկերոջ ներկայացուցած է երկրի զարգացման ուղղութեամբ Փերուի իշխանութիւններու կողմէ իրականացուող քայլերը եւ առաջնահերթութիւնները, ամերիկեան մայրցամաքին վրայ իր երկրի դերակատարութիւնը, տարածաշրջանային   գործընթացներուն մէջ ներգրաւուածութիւնը, տարածաշրջանին մէջ ներկայ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը:

Իր հերթին Էդուարդ Նալբանդեան տեղեկացուցած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն մասին, ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման նպատակով Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ իրականացուող քայլերու վերաբերեալ:

 Հանդիպումէն ետք Էտա Ռիւաս` պաշտօնական ճաշ տուած է Էդուարդ Նալբանդեանի պատուին, որուն  մասնակցած էին նաեւ Փերուի արտաքին առեւտրի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մակալի Սիլվան, Փերուի խորհրդարանի եւ ԱԳՆ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ:

 Լիմայի մէջ նախարար Նալբանդեան  հանդիպում ունեցած է Փերուի Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Մարտին Պեաունդէ Մորէյրային:

 Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի եւ Փերուի յարաբերութիւններու զարգացման, երկու երկիրներու օրէնսդիր մարմիններու` Ազգային ժողովի եւ Խորրդարանի միջեւ կապերու եւ համագործակցութեան հաստատման, բարեկամութեան խումբերու ստեղծման հնարաւորութիւնները:

 Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են միջազգային օրակարգի խնդիրներու շուրջ:

 Հայաստանի նախարարը Փերուի Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահին ներկայացուցած է ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման ուղղուած Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան քայլերը` ընդգծելով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու ջանքերու սատարման կարեւորութիւնը: Այս մասին «Հայերն այսօր» -ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն:

Scroll Up