Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարար Տիկ. Հրանուշ Հակոբեան

Ազնուափայլ Տիկ. Նախարար,

Նախ խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ձեր ջերմ մաղթանքներուն եւ շնորհաւորանքին համար ծննդեանս տարեդարձին առիթով:

Գալով Սփիւռք- Հայրենիք համագաղութային մեր գործունէութեանը՝ մենք միշտ պատրաստ ենք մեր աջակցութիւնը բերել եւ զօրաւիգ կանգնիլ Սփիւռք- Հայրենիք կապերի ամրապնդմանը եւ զօրացմանը, յատկապէս համայնքի մէջ գործող կազմակերպութիւններուն համախմբումին, ազգային ինքնութեան պահպանումին  եւ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան գործին մէջ: Հայաստանի Անկախութեան 22-րդ տարեդարձին առիթով կազմակերպած մեր համերգը աննախընթաց յաջողութիւն էր թէ´ մեզ համար, թէ´ Համայնքին եւ Հայրենիքին. Աւստրալիոյ պատմութեան մէջ չէ արձանագրուած համերգ մը, որ մինչեւ կէս գիշեր տեւէ: ժողովուրդը այնքան ուրախ եւ խանդավարուած էր Հայրենի երգիչներով եւ երաժիշտներով, որ չէին փափաքէր բաժնուէլ հայրենի արուստագետներէն: Շնորհակալութիւն ձեր ուշադրութեանը, կեանքիս ամենաերջանիկ վայրկեաններէն մէկն էր՝ շրջապատուած Հայրենի արուեստագէտներով ծննդեանս տարեդարձին առիթով:

Հետեւելով մէր նշանաբանին՝ Հայրենիքին հետ, ժողովուրդին համար

Լաւագոյն եւ ջերմ մաղթանքներով

Հայկ Լեփեջեան

Scroll Up