«Հայ մշակութային արժէքներու տարածումը իւրաքանչիւր հայու ազգանուէր պարտաւորութիւնը պէտք է դառնայ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս

Այս բառերով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այս առաւօտ՝ Երկուշաբթի, 15 Յուլիս 2019-ին, Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, ողջունեց այցելութիւնը խումբ մը արուեստագիտուհիներու, որոնք Հայաստանէն եկած էին «Հմայիչ Հայաստանը Պիքֆայայի Մէջ» թեմայով հայ ժողովուրդի մշակութային արժէքները ներկայացնելու շրջանի ժողովուրդին։

«Մշակոյթը ժողովուրդի մը ինքնութեան ու ինքնահասկացողութեան շօշափելի արտայայտութիւններէն մէկն է։ Ան զօրեղ գործօն է ո՛չ միայն ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման, այլ նաեւ անոր գոյութեան ամրացման։ Այսպէ՛ս եղած է հայ մշակոյթը մեր ժողովուրդին համար պատմութեան ընթացքին։ Ինքնութիւն փճացնող ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ, ուր ազգերու մշակոյթները սկսած են այլափոխուիլ համաշխարհային մշակոյթի ներխուժումով, փոքր ժողովուրդները հրամայական կարիքը ունին ամրօրէն կառչելու իրենց մշակութային արժէքներուն՝ զանոնք վերանորոգելով, վերակենսաւորելով ու դարձնելով ներկայ պայմաններուն համահունչ։ Նման առաքելութեան կոչուած է նաեւ մեր ժողովուրդը ու յատկապէս մեր մշակոյթի զանազան մարզերէն ներս գործող ու ծառայող մեր մշակոյթի մշակները» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը՝ քաջալերելով նման նախաձեռնութիւնները, որոնք նաեւ մեծապէս կը նպաստեն Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առաւել ամրապնդման։

Յայտնենք, որ երկու օրերու վրայ տարածուած յիշեալ մշակութային ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Պիքֆայայի մէջ, որուն ներկայ գտնուեցան հայերու կողքին նաեւ մեծ թիւով տեղացիներ։ Հոն ներկայացուեցան հայկական երաժշտութիւն, ասեղնագործութիւն, գորգաշինութիւն եւ մշակոյթին այլ բնագաւառներու պատկանող իւրայատուկ աւանդութիւններ։

Յիշեալ ձեռնարկին մաս կազմող Հայաստանէն ժամանած հայուհիները այցելեցին Վեհափառ Հայրապետին եւ միաբան հայրերու ներկայութեան քանոնով եւ տուտուկով ներկայացուցին հայկական երաժշտական կտորներ, նաեւ հոգեւոր երաժշտութեան կատարումին տուտուկով իր մասնակցութիւնը բերաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Օշին Աբղ. Չուալերթանեան։

Scroll Up