Հայ Դատը Կը Նախաձեռնէ Մարալ Մելքոնեան Աւետիսեանի Անուան Ամառնային Վարժողական Ծրագիրին
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Այս տարի, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կրցաւ ընդարձակել իր ամառնային վարժողական ծրագիրները, անոնց միացնելով Հայ Դատի նուիրեալ ջատագով Մարալ Մելքոնեան Աւետիսեանի անուան ամառնային վարժողական ծրագիրը, որ ամէն տարի առիթ պիտի տայ հայ երիտասարդի մը, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ իրականացող վարժողական ծրագիրին մասնակցելու։
Հայ երիտասարդներու մօտ ղեկավարման ձիրքերը զարգացնող այս ծրագիրին առաջին մասնակցող ընտրուած է Լուսին Պոտուրեան, որ շրջանաւարտ ըլլալու պատրաստուող ուսանող է «Ուէսլիըն» համալսարանին մէջ, մասնագիտանալով կառավարական ուսմանց եւ Ռուսական, արեւելեան եւրոպական եւ եւրասիական ուսմանց բաժանմունքին մէջ։
1983ին Մերիլընտ ծնած Մարալ Մելքոնեան Աւետիսեան զաւակն էր Արա եւ Հայկանոյշ Մելքոնեաններու։ Ան շրջանաւարտ էր մայրաքաղաք Ուաշինկթընի Համաստեղ հայկական վարժարանէն եւ Մերիլենտի համալսարանէն Պսակաւոր արուեստից վկայական ստացած էր անգլերէնի եւ գրականութեան ճիւղին մէջ մասնագիտանալով։ Ան անդամակցած էր շրջանի ՀՄԸՄին, ՀԵԴի եւ Հայ Դատին, նոյն ժամանակ կամաւոր սպասարկութիւններ կատարելով Արցախի եւ Հայաստանի մէջ, զանազան կազմակերպութիւններու միջոցաւ։ Ան ամուսնացած էր Տիգրան Աւետիսեանի հետ։ Մարալը իր մահկանացուն կնքեց 13 Ապրիլ 2015ին։