Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի հանդիպումը Ազգային առաջնորդարան

Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան Ընդհանուր Քարտուղար՝ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան եւ տիկինը՝ Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան Ուրբաթ, 28 Յունիս, 2019ին այցելեցին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի: Անոնք՝ սուրբ Պատարգի աւարտին, բարձրացան Ազգ. Առաջնորդարան, ուր իրենց դիմաւորեցին Արժ. Տէր Արտակ Ա. Քհնյ. Քէհեաեանն ու Թեմիս Երեսփոխանական Ժողովի անդամներէն Ատենապետ՝ Բրշ. Քեռի Սրկ. Սարգիսեանն ու Պրն. Վարդան Քէօշկէրեանը:
Դոկտ. Ճէպէճեանը՝ Արժ. Տէր Հօր նուիրեց, վերջերս լոյս տեսած իր Անգլերէն նոր հատորը՝ «Աստուածաշունչի Յանձնառութիւնը՝ Վերագտնել Հաւատքը, Յոյսը եւ Անձը», որ ստացած էր յատուկ մրցանակ՝ որպէս «Միացեալ Աստուածաշունչի Ընկերակցութիւններ»ու լաւագոյն «Ծրագիր-Յայտագիր» ի հրատարակութիւն։ Ան կարեւորութեամբ բացատրեց այս գրքի կիզակէտը, որն է « Կեդրոնանալ յատուկ հաւաքականութիւններու վրայ եւ անոնց կարգավիճակներուն մէջէն կատարել Աստուածաշունչի եւ անոր պատգամին ընկալումը, գաղթականներու, տեղահանուածներու, անգրագէտներու, ֆիզիքական անկարողութիւններ ունեցող մարդոց, այլ հաւատքի պատկանողներու, օտարերկեայ բանուորներու եւ սփիւռքեան գաղութներու մէջ ապրողներու եւ ..։
Աւարտին ունեցան յիշատակի նկար մը:

Scroll Up