Թուրքիոյ մէջ Հայկական Պատմական վայրերու այցելութիւն

Մայիս ամսուայ մէջ երկու շաբաթ, խումբ մը այցելուներ (Թորոնթոյէն 16, Մոնթրէալէն 3 եւ Մոսկուայէն 1 հոգի) անմոռաց շրջապտոյտ մը վայելեցին: Ուխատագնացութիւնը՝ Թուրքիոյ մէջ հայկական պատմական տարբեր վայրերու բացառիկ պտոյտ մըն էր: Ուխտաւորները (հնարաւորութիւն ըլլալու պարագային) միացան տեղական հոգեւորներուն եւ տեղական ծուխերու անդամներուն: Պտոյտը նաեւ առանձնայատուկ էր իւրաքանչիւր մասնակիցի համար, որովհետեւ այն հրաշալի առիթ էր աշխարհագրականօրէն ինչպէս եւ հոգեւորապէս մերձանալու մեր պապենական ակունքներուն: Ամբողջ ճանապարհին, մենք՝ ուխտաւորներս, բոլորս ալ համաձայն էինք այն կարծիքի մասին, որ բարձր գնահատենլի է մեր շրջանակներէն անդին մեր ազգակցութիւնը Հայերու (եւ այլ ազգերու) հետ:
Մենք երախտապարտ ենք բոլոր այն պատասխանատուներուն, որոնք աջակցեցան պտոյտը յաջողութեամբ պսակելու: Առաջին հերթին, ուղեւորութիւնը կայացաւ նախաձեռնութեամբ ու հովանաւորութեամբ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Աբգար եպս. Յովակիմեանի, կազմակերպութեամբ՝ Տիկնանց Կեդրոնական վարչութեան, գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Անիթա Օհանէսեանի, եւ մասնակցութեամբ Տիկին Այտա Աֆարեանի, Տիկին Տիանա Պօղոսեանի եւ Սիլվա Մերմերի, որոնք, իւրաքանչիւրը իր հերթին անմիջականօրէն համագործակցեցան Թուրքիոյ մէջ փորձառու զբօսաշրջութեան խումբի, մանաւանդ Տիար Գէորգ Սապունճիի հետ: Մեր այցելած սրբավայրերու մէջ աղօթքները բարձրացան գլխաւորութեամբ Գանատահայոց Թեմի Փոխ Առաջնորդ եւ Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Զարեհ աւագ քահանայ Զարգարեանի, իսկ սոփրանօ Լէնա Պէյլարեանը, իր հզօր ու պայծառ ձայնով, տպաւորիչ պահերուն, երգչախումբի բացակայութեան բացը լրացուց:
Պտոյտը պաշտօնապէս սկսաւ Պոլիսէն, երեք փուլերով, ըստ քաղաքի հայկական ներկայութեան: Խումբը ուղղուեցաւ Գումգաբի շրջանի մէջ գտնուող հայկական հին թաղամասը, ուր Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ կարճ արարողութիւն մը, ապա, ուխտաւորները այցելեցին Կ.Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը եւ հանդիպեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տէր Արամ Արքեպս. Աթէշեանին եւ այլ հոգեւորականներուն հետ: Յաջորդ օրը խումբը այցելեց Պալաթի Սուրբ Հրեշտակապետաց եկեղեցին, Պալաթը՝ Յոյներու, Հրեաներու ինչպէս եւ Հայերու ապրած Պոլսական թաղամաս է:
Վերջապէս, խումբը այցելեց Պէյօղլու թաղամասի Շիշլի հայկական գերեզմանատունը, ուր կը գտնուին յայտնի դէմքերու շիրիմները: Գեղազարդ տապանաքարերէն մէկն էր բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի յուշարձանը, որուն վրայ փորագրուած է անոր «Անդաստան» բանաստեղծութենէն քանի մը տողեր:
Թէեւ այս այցի հիմնական նպատակը այսպիսի վայրեր այցելել էր, բայց մեր ուղեւորութիւնը անխուսափելիօրէն դարձաւ բազմակողմանի եւ լայնածաւալ ուսուցման առիթ մը: Ի վերջոյ, Թուրքիան գոյներու, տարածքներու, բնանկարներու, մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու գեղադիտակ մըն է: Անոր պատմութիւնը, ինչպէս իր աշխարհագրութիւնը, անվերջ շերտ-շերտ, բարդ եւ գալարուն ու շրջադարձերով լեցուն է: Մենք չենք կրնար մոռնալ կամ անտեսել, տարիներու ընթացքին կատարուած բռնութիւնը, որ նպաստեր է բնակչութեան փոքրամասնութեան նուազումին, բայց այն չի բացառեր այդ փաստը, որ կան նաեւ շատ կարեւոր բաներ, որոնք բաց սրտով տեսնելու եւ հասկանալու արժանի են:
Պոլսոյ մէջ մնացած ժամանակը նուիրուած էր քաղաքի այդ երեւոյթներուն: Մենք այցելեցինք Բիւզանդական ժամանակաշրջանին պատկանող յայտնի Սուրբ Սոֆիա տաճարը (վերակառուցուեր է 537 թուականին), ինչպէս նաեւ Օսմանեան ժամանակաշրջանին պատկանող Կապոյտ մզկիթը (կառուցուեր է 1609-1617 ժամանակաշրջանին): Մենք տեսանք նաեւ ստորգետնեայ վաղեմի ջրամբարը, նաւարկեցինք Պոսֆորի նեղուցով եւ վայելեցինք քաղաքը շրջապատող հմայիչ տեսարանները տարբեր բլուրներու գագաթներուն վրայէն: Հանդիպեցանք կայսերական ճոխութեան եւ ճարտարապետական շքեղութեան հմայիչ օրինակներու, ինչպէս Թոփգափու Պալատը (կառուցուեր է 1459-1465-ին), Պեյլարպեյի Պալատը ( նախագիծը գծեր է Սարգիս Պալեանը եւ կառուցուեր է 1860-ական թուականներուն): Հաճելի առիթ էր նաեւ Մեծ Շուկայի ճամբաներուն մէջ զբօսնել եւ հիանալ ծախու դրուած ապրանքներու բազում տեսականիով:
Մեր յաջորդ հանգրուանի՝ Իզմիրի ճամբու վրայ, կանգ առինք Իզնիք քաղաքի մէջ (պատմականօրէն յայտնի է Նիկիա): Այստեղ 325 թուականին եկեղեցւոյ հայրերը գումարեր են առաջին Տիեզերական ժողովը ու ընդուներ են «Նիկիո հանգանակը»: Որպէս Հայերու ներկայացուցիչ ժողովին մասնակցեր է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի կրտսեր որդին՝ Արիստակէս հայրապետը: Քաղաքի մէջ այցելեցինք հինաւուրց եկեղեցւոյ վերականգնուած մանցորդները: Ան նոյնպէս Սուրբ Սոֆիա կը կոչուէր բայց շատ աւելի փոքր չափով քան նոյն անունը կրող Պոլսոյ եկեղեցին, այստեղ 787-ին գումարուեցաւ նաեւ 7-րդ Տիեզերական ժողովը:
Յաջորդ օրը, Մայրերու օրը, մենք Եփեսոս լեռան մօտ գտնուող Կաթողիկէ եւ Մահմետական Սրբավայր՝ Սուրբ Մարիամ Աստուածածինի տունը գացինք: Երկու կրօնի հաւատաւորներէն շատեր կը հաւատան, որ Յովհաննէս Առաքեալը հոս պահեր է Սուրբ Կոյսին եւ ան այնտեղ ապրեր է իր կեանքի մնացած օրերը: Այնուհետեւ այցելեցինք Եփեսոսը, տեսանք յունական հին քաղաքի խորհրդաւոր աւերակները, նոյն այն վայրը ուր Պօղոս Առաքեալ որոշ ժամանակ մը քարոզեր է (52-55 թուականներուն): Առաջ անցանք դէպի մօտակայ Շիրինս գիւղը ու անոր գեղատեսիլ հովիտը: Այն յունական գիւղ էր մինչեւ որ յունա-թուրքական պատերազմի աւարտին (1919-1922) դարձաւ լքուած վայր մը: Վերջին տասնամեակներուն ջանքեր կը գործադրուին պահպանելու եւ վերականգնելու անոր պատմական տուներն ու շէնքերը:
Կապատովկիայի ճանապարհի վրայ, մենք այցելեցինք Բամուգգալէի սպիտակ կրաքար դարատափները, բոբիկ ոտքերով քալեցինք հանքային տաքուկ ջուրերուն մէջ եւ տեսանք յունա-հռոմէական Հեռոփոլիս քաղաքի աւերակները:
Կապատովկիայի մէջ այցելեցինք տարբեր երկրաբանական վայրեր, այն իւրայատուկ տարածաշրջան մըն է, իր ժայռոտ ու գունագեղ հեքիաթային բնութեամբ: Մեր խումբէն մի քանի քաջասիրտ անձինք, այնքան հեռու գացին, որ անոնք տաք օդով թռչող օդապարիկներով գացին արեւածագի կախարդական պատկերը դիտելու: Ցամաքի վրայ մնացողներս գացինք Իհլարա հովիտը, դէպի վար իջանք ապա շատ կտրուկ սանդուխներով բարձրացանք վեր, մտնելու համար Բիւզանդական ժայռափոր եկեղեցիները եւ վանքերը, որոնք տեղ գտած էին հովիտի բարձր ժայռերուն մէջ: Բաց երկնքի տակ գտնուող Կորեմի թանգարանին մէջ եւս հանդիպեցանք ժայռափոր եկեղեցիներու եւ վանքերու, որոնք աւելի ճարտար տարբերակներ էին:
Երբ Ատանայի ճամբան բռնեցինք, կանգ առինք Կայսերիի մէջ եւ այցելեցինք Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցին: Եկեղեցւոյ շուրջը շատ ցաւալի էր, ուր խոտերով ծածկուած խոպան տարածքը ու օրինազանց տնակները կային: Եկեղեցւոյ կառուցուածքը պահապնելու համար անհրաժեշտ է ամրացնել զայն պողպատէ ձողերով: Սակայն մուտքի մօտ կանգնած շագանակի եւ հիւթեղ նուշի գեղեցիկ ծառերը կարծես յոյս կը ներշնչեն ու կենսունակութիւն կը խոստանան: Եկեղեցի մտանք, տեսանք անոր իւրայատկութիւնները ու այնտեղ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն ի յիշատակ ուխտաւորներու ննջեցեալներու հոգիներուն:
Ապա բլուրը բարձրանանք դէպի Թալաս կոչուած տեղը, ուր հնարաւոր է տեսնել Կայսերին՝ իր ետեւի լեռներուն հետ ամբողջութիւն մը կազմած տեսարանը: 20-րդ դարի սկիզբներուն, Թալասը նստավայր կը հանդիսանար Թուրքիոյ այս տարածաշրջանին մէջ գտնուող Ամերիկեան եւ Գանատական միսիոներներուն ու օգնութեան եկած մարդոց: (Անցած տարի Կոմիտաս հիմնարկի հրատարակած՝ Գանատացի հեղինակ Ուինտի Էլիօթի գրած նշանաւոր պատմութիւնը, թէ ինչպէս այդ խումբը փրկեր է հազարաւոր որբ երեխաներու կեանքերը):
Կեսարիայէն դէպի Ատանա տանող ճամբան, մեզի հնարաւորութիւնը պարգեւեց Արգեոս լեռը վերջին անգամ տեսնելու, Ռոքի եւ Ալփեր լեռները յիշեցնող սքանչելի լեռնային տեսարաններու շղթայի մը մէջէն տանելով: Երբ շարունակեցինք դէպի Միջերկրական Ծովի դիմացը գտնուող քաղաքը՝ Գարաթաշը ճանապարհը հարթուեցաւ: Այսպիսով գացինք Իսքանտարուն (պատմական անունը Ալեքսանտրիդա), ուր այցելեցինք նեղ առեւտուրի փողոցի մը վրայ գտնուող Քառասուն Մանուկ հայկական եկեղեցին ու հանդիպեցանք այնտեղ ծառայող երիտասարդ քահանային: Այնուհետեւ շարունակեցինք դէպի հայկական Վաքիֆլի գիւղը, որ կը գտնուի հսկայ Մուսա Լեռան փէշերուն եւ այցելեցինք Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին: Մօտակայ նոճի ծառերու ներկայութեամբ մենք մեզի ջերմօրէն հիւրընկալուած զգացինք: Ճանապարհին, լեռան լանջին նարինջի պարտէզի մը մէջ գտնուող ճաշարանի մէջ ընթրեցինք: Ճաշարանի բացօթեայ մասը ստորոտի գեղեցիկ տեսարանը կ’արտացոլեր, աջին մշուշով ծածկուած ծովն ու ծովափն էր, հիւսուած ծովու մէջ ընկղմած լեռնաշղթայի հետ: Բարդ է ըսել եթէ այդ պահին մեր խումբի մէջ կար մէկը որ գիտակցէր թէ այդ լեռան ետեւը Սուրիան է ինչպէս եւ Քեսապը:
Յաջորդ օրը Գարատաշի լողափի վրայ որոշ ժամանակ անցնելէ ետք, երեկոյեան տօնին կը սպասէինք, քանի յաջորդ օրը Պոլիս պիտի վերադառնայինք: Երբ հասանք ծովափնեայ բացօթեայ ճաշարանը, Մայր Բնութիւնը զմայլեցուց մեզի եւս մէկ անզուգական տեսարանով մը: Մենք ոգեւորուեցանք տեսնելով՝ ծովու շողշողացող ջուրի երեսին, պայծառ երկնքի մէջ փայլող լիալուսնի շողերու արտացոլման հրաշալի տեսարանը: Այնպիսի տպաւորութիւն էր, որ յանկարծակիօրէն կենդանացեր է 19-րդ դարի հայ-ռուս ծովանկարիչ Իվան Այվազովսկին ու ստեղծագործեր է ծովափնեայ անեզր պատկեր մը:
Ըսելու մի քանի բան մնաց: Առաջինը, բոլորը համաձայն են, որ ուտելիքները թարմ ու համեղ էին: Այս կը հաստատէ պապերու այն խօսքը, երբ կը յայտնէին Պապենական Երկրի անուշահամ ուտեստի մասին: Երկրորդ, հեղինակը տեղացի ժողովուրդի հետ առնչուելով նկատեր է անոնց ընկերային, ջերմ ու փափկանկատ վերաբերմունքը:
Ընդհանուր առմամբ, ուղեւորութիւնը՝ երկրագունդի այս հողամասի մէջ արմատ ունեցող մեզմէ իւրաքանչիւրի համար տուն դառնալու յուզիչ միջոց մըն էր: Անխուսափելիօրէն, տարբեր առումներով այն լուսաբանութեան հետաքրքիր փորձ մըն էր:

Վահան Էտուարտ Պէնկլեան

Scroll Up