Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին անկախութեան տօնակատարութիւն

Հինգշաբթի 20 Յունիս 2019-ի, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Rotana Beach» պանդոկի շքեղ հանդիսասրահէն ներս, նախագահութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Սարգիսեանի եւ կազմակերպութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց զոյգ Ազգային վարչութեանց՝ (Ապու Տապիի եւ Տուպայի ու Հիւսիսային Էմիրութեան), տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Առաջին Անկախութեան նուիրուած պարահանդէսը։
Ձեռնարկին մաս կը կազմէին Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր Դեսպան Պրն. Մհեր Մկրտումեան, Ապու Տապիի Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ Պալըքճեան, Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր Հիւպատոս եւ Առաջին Քարտուղար, Ազգային Իշխանութեան ներկայացուցիչներ, բարերարներ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Հայ գաղութի զաւակներ։
հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զոյգ քայլերգներով։ Բացման խօսքը կատարեց Պրն. Ատիս Մուրատեան, որմէ ետք Ազգային զոյգ Վարչութեանց անունով պաշտօնական խօսք առաւ Ապու Տապիի Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Պրն. Ռաֆֆի Սիմոնեան։ Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ջամբած կարեւոր դաստիարակութիւնը ապագայ սերունդներուն նշելով. «մենք այսօր հզօր Հայաստան ունինք, որովհետեւ ճիշդ հասկցանք Մայիս 28-ի պատգամը»։ Ապա իր խօսքի աւարտին բարի գալուստ եւ հաճելի ժամանց մաղթեց ներկաներուն։
Սրբազան Հօր սեղանօրհնութենէն ետք ներկաները վայելեցին համադամ ճաշերը, իսկ օրուան յայտագիրը ճոխացուց քեսապահայ սիրուած երգիչ Սեւակ Պետուրեան։

Scroll Up