Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Դեսպանը Այցելեց Լաթաքիա Եւ Քեսապ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2019/06/62576772_1934680866633930_8856656772660723712_n.jpg)
Յունիս 13-ին, ՀՀ Սուրիոյ Դեսպան Տիգրան Գէորգեան Լաթաքիա կատարած այցելութեան ընթացքին խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղականութեան եւ Լաթաքիոյ մէջ գործող միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Եկեղեցւոյ «Գանձասար» սրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, Գէորգեան անդրադարձաւ Հայաստանի տնտեսական ու քաղաքական իրավիճակին, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սուրիա յարաբերութեան, որմէ ետք ներկաներուն հետ զրուցեց զանազան հարցերու շուրջ:
Նոյն օրը դեսպանը հադիպում մը ունեցաւ Լաթաքիոյ նահանգապետ Իպրահիմ Խուտր ալ-Սալեհի հետ (Ibrahim Khudr al-Salem): Անոնք քննարկեցին մարզային մակարդակով հայ-սուրիական յարաբերութիւններու հեռանկարները, ինչպես նաեւ անդրադարձան Լաթաքիոյ նահանգին մէջ բնակող հայկական համայնքի խնդիրներուն եւ անոն լուծման հնարաւոր ուղիներուն:
ՀՀ դեսպանը եւ Լաթաքիայի նահանգապետը պայմանաւորվեցան պարբերաբար հանդիպումներ ունենալու:
Յունիս 14-ին, Դեսպան Տիգրան Գէորգեան իր տիկնոջ՝ Լուսինէ Գէորգեանի հետ Քեսապ այցելեց։
Այցելութեան ընթացքին, տեղի ունեցաւ հանդիպում Քեսապի երեք համայնքներու հոգեւոր հայրերուն եւ Ազգային մարմիններուն հետ, ապա այցելութիւն հայկական երեք եկեղեցիները։
Քեսապի Ս.Աստուածածին Եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս տեղի ունեցած խորհրդակցական հանդիպումին ընթացքին, դեսպանը ներկայացուց Հայաստանի քաղաքական եւ տնտեսական իրավիճակը եւ զեկուցեց Սուրիոյ եւ Հայաստանի ներկայ աշխոյժ յարաբերութեան մասին։
Մտերմիկ զրոյցին ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանը, Արցախը եւ սուրիահայութիւնը յուզող հարցեր։
Հանդիպումը վերջ գտաւ դեսպանին քաջալերական եւ խրախուսիչ խօսքերով, Քեսապի եւ քեսապահայութեան թեւ ու թիկունք կանգնելու խոստումներով։