Լիբանանի Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանին Անդրանիկ Այցելութիւնը Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան

Երեքշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2013-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի աշակերտները ցնծութեան վայրկեաններ ապրեցան:

Առիթը` Լիբանանի հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին` վարժարան կատարած այցելութիւնն էր:

Տնօրէնութիւնը, հոգաբարձութիւնն ու վեցերորդ դասարանի աշակերտները ծափողջոյններով դիմաւորեցին առաջնորդ սրբազան հայրն ու Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի անդամները ու միասնաբար ուղղուեցան «Բակուր Աղասարգիսեան» սրահ, ուր մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններու դասարանները համախմբուած էին իրենց ուսուցիչներով:

Տնօրէն Արեգնազ Աղասարգիսեան բարի գալուստի խօսքով դիմաւորեց առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը եւ յայտնեց, թէ վարժարան միշտ ալ, այս թեմին այլ վարժարաններուն նման, հոգածութեան առարկայ եղած է Լիբանանի հայոց թեմի յաջորդական առաջնորդներուն եւ Ազգային իշխանութեան ուսումնական խորհուրդներուն:

Ապա տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Աշակերտութեան կողմէ բարի գալուստի խօսք արտասանեց Նազելի Մարգէեան, որմէ ետք յաջորդաբար բեմ բարձրացան աշակերտներ` Քրիստիան Մարգարեան եւ Նաթալի Մարգարեան, որոնք արտասանեցին բանաստեղծներ Խաչիկ Դաշտենցէն «Հայերէն» եւ Համօ Սահեանէն «Մայրս» բանաստեղծութիւնները:

Աշակերտներուն ասմունքէն ետք վարժարանին երգչախումբը ազգային եւ տօնական գեղեցիկ երգերով ճոխացուց մթնոլորտը, որմէ խանդավառուեցան բոլորը:

Յայտագրի աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց Լիբանանի թեմի նորընտիր առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

Մտերմաբար զրուցելով աշակերտութեան հետ առաջնորդ սրբազան հայրը շեշտեց Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանին ունեցած դերը եւ առաքելութիւնը: Ապա անդրադարձաւ միացեալ ազգային վարժարանին կառուցման, ուր արդիական ոճով կառուցեալ շէնքին ներքեւ կարելի պիտի ըլլայ համախմբել վարժարաններու աշակերտութիւնը:

Ան նշեց, թէ անհրաժեշտ է ուսում ստանալն ու զարգացումը` ե՛ւ տղոց, ե՛ւ աղջիկներուն համար: Նաեւ ըսաւ, որ ինք պիտի հետեւի աշակերտներուն բոլոր լուրերուն ու յաճախ այցելութիւն պիտի տայ անոնց:

Յայտագրի աւարտին աշակերտները խոստացան առաջնորդ սրբազան հօր, որ լաւ արդիւնքներ պիտի ապահովեն եւ բարձր պահեն վարժարանին անունը:

www.aztagdaily.com

Scroll Up