Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեցին Արցախէն ժամանած խումբ մը գեղանկարիչներ
Ուրբաթ, 14 Յունիս 2019-ին, Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Արցախէն ժամանած խումբ մը գեղանկարիչներ: Անոնք Նորին Սրբութեան պարզեցին իրենց կատարած աշխատանքները Արցախի մէջ:
Հայրապետը ողջունելով անոնց այցելութիւնը՝ գնահատեց մշակութային բնագաւառէն ներս իրենց կատարածա շխատանքը։ Ապա, կարեւորութեամբ շեշտեց ընդհանրապէս մեր ժողովուրդ ի ույատկապէս Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հայ մշակոյթին յատուկ կարեւորութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը։ Անըսաւ, որ մշակոյթը հայ ժողովուրդին համար տարբեր իմաստ ու դերակատարութիւն ունի: Մեր հոգեմտաւոր արժէքները նոյնացած են մեր եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեանհ ետ, մեր ինքնութեան հետ՝ դառնալով մեր գոյութեան ու ամրութեան կարեւոր սիւները: Վեհափառ Հայրապետը թելադրեց, որ բարձր ա գոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ հարկ է մօտենալ մեր մշակութային արժէքներուն, միաժամանակ շեշտելով, որ մեր պետութիւնը, եկեղեցին եւ կառոյցները յատուկ հոգածութիւն պէտք է ցուցաբերեն մեր մշակոյթին առաւել ծաղկման: