Կոմիտաս Վարդապետի Ծննդեան 150ամեակին Նուիրուած Համերգ

ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Ուրբաթ, 31 Մայիսի երեկոյեան, Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150ամեակը արժանաւորապէս նշուեցաւ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ յարկին տակ, հոգեպարար հոգեւոր համերգով մը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան։
Ելոյթ ունեցաւ եկեղեցւոյ դպրաց դասի երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ դպրապետ Երուանդ սրկ. Քէշիշեանի։
Ներկայ էին հոգեւոր հայրեր, եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարները՝ տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեաններ, եկեղեցւոյ ժողովականութեան անդամներ, քոյր միութեանց ներկայացուցիչներ եւ խուռներամ բազմութիւն մը։
Յայտագիրը սկիզբ առաւ Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ։
Յանուն Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին՝ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, ապա հակիրճ կերպով ներկայացուց Կոմիտաս վարդապետին կենսագրականը եւ անոր երաժշտական անմահ ժառանգութիւնը։ Ան իր խօսքը եզրափակեց՝ գնահատելով դպրապետին եւ դպրաց դասին վերջին ամիսներու տքնաջան աշխատանքը։
Ապա, երգչախումբը ներկայացուց Կոմիտասի ամէնէն հանրայայտ հոգեւոր եւ ժողովրդային երաժշտական մշակումներէն գեղեցիկ երգերու ընտրանի մը, մէջընդմէջ Պարոյր Սեւակի «Անլռելի Զանգակատուն»էն հատուածներու ընթերցումով։
Աւարտին, առաջնորդ սրբազանը ուղղեց իր պատգամը։ Ան այս համերգը համարեց ոգեկոչական երեկոյ մը՝ նշելով. «Այսօր, Տիրոջ ներկայութեան հրաւիրեցինք Կոմիտասի անմահ հոգին, որ մեր հոգեւոր եւ ազգային երաժշտութեան անլռելի զանգակատունն է»։ Ան գնահատեց հոգեւոր հովիւը եւ հոգաբարձութիւնը ու օրհնեց եւ դրուատեց յատկապէս դպրապետը ու դպրաց դասի բոլոր անդամները։
Սրբազանը վկայութիւններ մէջբերեց աշխարհահռչակ երգահաններէ Կոմիտասի երաժշտութեան եւ մշակած Պատարագին մասին՝ աւելցնելով. «Փառք Աստուծոյ, որ մեր ժողովուրդին շնորհք ըրաւ Կոմիտաս վարդապետին նման տաղանդ մը, մեր երաժշտութիւնը անմահացնող շնորհալի հսկայ մը, եւ փառք Աստուծոյ, որ մենք այսօր հոգեկան այս վայելքը ունեցանք Կոմիտաս վարդապետին հոգին հրաւիրելով մեր հոգիներուն ու էութեան մէջ եւ մեր երախտագիտութիւն յայտնելու իր մեծ տաղանդին»։
Ան զուգորդութիւններ գտաւ՝ ըսելով, որ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եղաւ հոգիի լուսաւորիչ, Մեծն Ներսէսը՝ սիրտի լուսաւորիչ, Մեսրոպ Մաշտոց, Սահակ Պարթեւ եւ Թարգմանիչները՝ միտքի լուսաւորիչներ, իսկ Կոմիտաս վարդապետը եղաւ ու կը մնայ հայ երգի եւ երաժշտութեան լուսաւորիչը»։
Առաջնորդը եզրափակեց՝ մաղթելով, որ հոգեկան վայելքի մթնոլորտը մնայուն ըլլայ մեր եկեղեցական ու ազգային կեանքին մէջ։
Երեկոն վերջ գտաւ «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա»ի երգեցողութեամբ։