Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբը Գիւմրիի, Վանաձորի Եւ Երեւանի Մէջ Ելոյթներ Պիտի Ունենայ

Կիրակի, 9 յունիս 2019-ին, Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի անդամներէն խումբ մը հասաւ Հայաստան,  ուր պիտի ներկայացնէ Նիլ Սայմընի «Տը կուտ տաքթըր» կատակերգութիւնը, զոր բեմադրած եւ անոր մէջ բեմագրական որոշ փոփոխութիւններ կատարած է Յակոբ Տէր Ղուկասեան:

«Տը կուտ տաքթըր»-ի հայաստանեան առաջին ներկայացումը պիտի ըլլայ այսօր` երկուշաբթի, 10 յունիսին, Գիւմրիի «Վարդան Աճեմեան»-ի անուան պետական դրամատիկական թատրոնին մէջ, անոր պիտի յաջորդէ, վանաձորեան ներկայացումը` 12 յունիսին, «Յովհաննէս Աբէլեան»-ի անուան պետական դրամատիկական թատրոնին մէջ, իսկ 3-րդ եւ վերջին ներկայացումը պիտի ըլլայ 13 յունիսին` Երեւանի «Սօս Սարգսեան»-ի անուան Համազգայինի պետական թատրոնին մէջ: Բոլոր ներկայացումները պիտի ըլլան երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայաստանի ժամանակացոյցով:

 

Scroll Up