Եզրափակում՝ 80-ամեակի ձեռնարկներուն

1 եւ 2 Յունիս 2019-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը եզրափակեց վարժարանի հիմնադրութեան 80-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը` վարժարանի “Շուշի” պարախումբին զոյգ ելոյթներով: Ելոյթները տեղի ունեցան Պուրճ Համուտի ՀԿՄ “Յովհաննէս Պօղոսեան” թատերասրահին մէջ, ներկայութեամբ մեծաթիւ ծնողներու, բարեկամներու եւ հիւրերու:

Պարուսոյցներ տիկին Սարին Արթինեան Տեմիրճեան եւ պարոն Աւօ Գարաքէշիշեան իրենց բացման խօսքերուն մէջ նշեցին, որ պարը արուեստի կարեւորագոյն տեսակներէն է, որ իր մէջ կը խտացնէ ազգի մը պատմութիւնը, անոր անցեալն ու ներկան, անոր երազանքներն ու ձգտումները: Հետեւաբար, անիկա մեծ դերակատարութիւն ունի սերունդներու ինքնութեան կազմաւորումին մէջ: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Մեսրոպեանի վարժարանի տնօրէնութեան` հայ պարին նկատմամբ յանձնառու մօտեցումին եւ իրենց աշխատանքին հանդէպ ցուցաբերուած լիակատար զօրակցութեան համար:

“Շուշի” պարախումբին չորս ենթախումբերը` փոքրեր, միջնեկներ, մեծեր եւ Նախկին սաներ, կատարեցին տարբերժողովուրդներու պարարուեստի գանձարանէն 19 պարեր` հայկական, արաբական, ռուսական, հնդկական, եւրոպական, ինչպէս նաեւ խաղարկային եւ կատակ պարեր: Գերակշռողը, բնականաբար, հայկական պարերն էին` ինչպէս աւանդական, նոյնպէս եւ արդի մշակումներով: Ընդհանուր հաշւով բեմ բարձրացան 77 պարողներ, որոնք յաջողեցան ներկաներուն պարգեւելգեղարուեստական վայելքի յիշարժան պահեր:

Պարախումբին ելոյթները յատկանշուեցան պարային հետաքրքրական բեմադրութիւններով, բեմի. տարազներու եւ երաժշտական ձեւաւորման բարձր ճաշակով, ինչպէս նաեւ պարողներու ակնյայտ խանդավառութեամբ եւ լաւապէս պատրաստուած կատարումներով:

Ելոյթի փակման խօսքին մէջ, Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց “Շուշի” պարախումբի պարուսույցներուն` նուիրումով ու սիրով կատարուած գործին եւ արձանագրուած աւելի քան գոհացուցիչ արդիւնքին համար: Ան նաեւ գնահատեց պարախումբի բոլոր անդամներուն, անոնց ծնողներուն եւ վարչական օգնականներուն աշխատանքը՝ այս իրագործումին մէջ, միաժամանակ ոգեկոչելով յիշատակը պարախումբի հիմնադիր պարուսոյց, վաղամեռիկ Յարութ Գրաճեանին:

Պարոն Կրէկուար Գալուստ ըսաւ, որ նոր սերունդին կողմէ ազգային արուեստի յիշողութիւնը պահպանելն ու տարածելը ինչպէսկրթական, նոյնպէս եւ ազգային առաքելութիւն մըն է, որուն հետամուտ է Մեսրոպեան վարժարանը: Ան շեշտեց, որ Մեսրոպեանըամէն ջանք պիտի թափէ` ապահովելու համար պարախումբին վերելքը դէպի հեղինակաւոր բեմեր եւ փառատօններ:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

 

 

Scroll Up