Եգիպտոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ատենապետ Արմէն Մազլումեան Կը Մեծարուի
Արաբական միացեալ էմիրութիւններու գահերէց շէյխ Խալիֆա պըն Զայէտ էլ Նահիան պետութեան սահմաններէն ներս 2019 թուականը յայտարարած է «Հանդուրժողականութեան տարի»՝ նպատակ ունենալով իր պետութիւնը համաշխարհային մայրաքաղաք դարձնել հանդուրժողականութեան, հաւաստելով անոր արժէքը՝ իբրեւ հաստատութենական յարատեւ գործողութիւն, որ հիմնուած է օրէնսդրական եւ քաղաքական նպատակասլաց գործողութիւններու վրայ, նպատակ ունենալով խորացնել հանդուրժողականութեան, երկխօսութեան, դիմացինն ընդունելու եւ տարբեր մշակոյթներու բացուելու արժէքը, յատկապէս նոր սերունդներուն մօտ, անոր դրական ազդեցութիւնն ընդհանրապէս արտացոլացնելով հասարակութեան վրայ, Արաբական միացեալ էմիրութիւնները վերածելով՝ յարգանքի, ծայրայեղութիւնը մերժող եւ դիմացինի տարբերութիւնն ընդունող լայնախոհ միջավայրի մէջ աշխարհի ժողովուրդներու եւ անոնց մշակոյթներու շփման եւ հանդիպման կամուրջի։
Այս առթիւ, ռամատանեան երեկոյթի մը ընթացքին, պրն․ Մոհամմէտ Խալիֆա Մաթար էլ Մազրուհի, ԱՄԷ-ի Հանդուրժողականութեան միջազգային ինստիտուտի առաջին շրջանաւարտներէն, մեծարած է խումբ մը եգիպտացիներ, դիւանագիտական, լրագրական, մշակոյթներու եւ ժողովուրդներու միջեւ հաղորդակցութեան, բարեգործութեան եւ ակադեմական աշխատանքին ընդմէջէն իրենց ճիգին համար։ Ան յայտնած է, որ արաբական աշխարհի սիրտ Եգիպտոսն ընտրած է իր նախագիծին բացման համար։
Մեծարուած են՝ Եգիպտոսի արտաքին նախկին նախարար դեսպան Մոհամմէտ էլ Օրապի, Էլ Օրման ընկերակցութեան նախագահ ճարտ․ Հոսամ էլ Ապանի, պատմաբան դր․ փրոֆ․ Մոհամմէտ Ռիֆհաթ էլ Իմամ, լրագրող Մակտի Կալլատ եւ Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ բժ․ Արմէն Մազլումեան։
Ձեռնարկին ընթացքին, բժ․ Ա․ Մազլումեան իբրեւ հանդուրժողականութեան կենդանի օրինակ բերած է Շարժայի կառավարիչ շէյխ Սուլթան էպն Մոհամմէտ էլ Քասեմիի նուիրատուութիւնը Հաղարծինի վանական համալիրի նորոգութեան համար եւ վկայակոչած Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ․ը, որ անցած Մարտին ընդունելով ԱՄԷ-ի դեսպանը, դրուատած էր կրօնական լայնախոհութիւնն այդ երկրէն ներս։