«Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի միջ-դպրոցական մրցանքներու մրցնակաբաշխութիւն Անթիլիասի մէջ

Հայ լեզուի եւ գրականութեան ջատագով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի եւ Կրթական-հայագիտական բաժանմունքի կազմակերպած միջ-դպրոցական մրցաշարքը բոլորեց իր 10-րդ տարին։ Հիմնադրամին մրցումները կ՚ընդգրկեն հայ լեզուի ու գրականութեան, հայկական տպագրութեան եւ մամուլի, հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի ու կրօնագիտական նիւթերու եւ ասմունքի բաժիններ։

Կիրակի, 2 Յունիս 2019-ի առաւօտուն, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ սոյն մրցումներուն մրցանակաբաշխութիւնը՝ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ներկայութեամբ Խաչիկ Պապիկեանի դուստրերուն, ինչպէս նաեւ միաբան հայրերու, ազգայիններու, տնօրէններու, հայերէնաւանդ նիւթերու դասատուներու, դատակազմերու անդամներուն, աշակերտներու ու անոնց ծնողներուն։

Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ կրթական-հայագիտական բաժանմունքի վարիչ Ժիրայր Դանիէլեան։ Ան հակիրճ ակնարկ մը նետեց այս տարուան պատկերին վրայ, դիտել տալով, որ թէեւ կարգ մը մրցանքներուն աշակերտութեան մասնակցութեան թիւը կը շարունակէ մնալ գոհացուցիչ, սակայն այլ տեղեր, ի մասնաւորի հայ լեզուի եւ գրականութեան մրցանքի պարագային, թիւի եւ գիտելիքի նահանջ կ՚արձանագրուին։ Դանիէլեան ապա յայտնեց, որ 2019-ն Հայ մամուլի տարուան նուիրուած ըլլալով՝ մրցանքներուն մէջ յատուկ տեղ տրամադրուած էր հայ մամուլին եւ տպագրութեան։ Վերջապէս, ան համեմատական մը կատարեց նախորդ տարուան ու այս տարուան աշակերտութեան թուային ներկայութեան միջեւ, յայտնելով, որ այս տարի 121 մրցակիցներ մասնակցած են վերոյիշեալ մրցանքներուն, որոնցմէ 25-ը մրցանակակիր են, իսկ 17-ն ՝ յիշատակութեան արժանացած են։

Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը տուաւ իր Հայրապետական պատգամը։ Ան իր ուրախութիւնը եւ գնահատանքը յայտնեց ի տես նման մրցաշարքին, որ առիթ կը հանդիսանայ թէ՛ լիբանանահայութեան մօտ վառ պահելու հայագիտական նիւթերու նկատմամբ բծախնդրութիւնը եւ թէ աշակերտութեան մօտ վառ պահելունուիրումին ու հետեւողական աշխատանքին հաւատքն ու տեսլականը։ Վեհափառ Հայրապետը ապա ընդգծեց, որ հայագիտական նիւթերը պէտք է առաջնահերթ տեղ գրաւեն մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ, իսկ ինքնաքննադատութիւնը եւ իրապաշտ մօտեցումը կարեւոր են, որպէսզի թերացումները տեսնելով հաւաքական ու բարձրագոյն աստիճանի յանձնառութեամբ կարենանք դիմագրաւել մարտահրաւէրները։ Ան աւելցուց, թէ բնական է, որ մօտեցումներ եւ առաջնահերթութիւններ փոփոխութեան ենթարկուին, որովհետեւ կեանքը քարացած չի կրնար ընթանալ, եւ ատոր համար պէտք է փոփոխութիւնները եւս վերարժեւորման եւ վերաքննութեան ենթարկել, որպէսզի քայլ պահենք կեանքին հետ՝ միշտ մեկնելով եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ընդհանրական արժէքներէն։ Հայրապետը եզրափակեց յիշեցնելով, որ մեթր Խաչիկ Պապիկեանի անունով սոյն հիմնադրամը հաստատուած է լիբանանահայութեան համար, որպէսզի Լիբանանահայ կեանքին մէջ զարգանան հայ մշակոյթի ու հոգեւոր ու մտաւոր բարոյական, կրթական արժէքները, եւ ուրախութիւնը յայտնեց Պապիկեան դստեր սոյն առաքելութեան շարունակութիւնը։

Ստորեւ կու տանք «Խաչիկ Պապիկեան» մրցանակակիրներուն անուանացանկը.-

«ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ԵՒ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ» ՄՐՑԱՆՔ

ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ

 

 ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆԱՐԺԱՆԻ

ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ`  ԵՐՐՈՐԴ

Սալլում Ռիթա                                                      Ազգ. ԵղիշէՄանուկեանԳոլէճ

 

Մարտիրոսեան Լիակ                                           Ազգ. ԵղիշէՄանուկեանԳոլէճ

 

ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ`  ԵՐԿՐՈՐԴ

Գառնէշեան Լոռի                                 Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան Երկդ. Վրժ.

ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ`  ԱՌԱՋԻՆ

Թասլաքեան Փաթիլ                             Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան Երկդ. Վրժ.

ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ

ԵՐՐՈՐԴ

Գափլանեան Մարիա                                    Հմզգ. Մ. եւՀ. ԱրսլանեանՃեմարան

 

Թաթոյեան Սիլվի                                                     Ազգ. Միացեալ Վարժարան

ԵՐԿՐՈՐԴ

Մանուկեան Վառակ-Նարեկ                         Հմզգ. Մ. եւՀ. ԱրսլանեանՃեմարան

 

Խշուաճեան Աւօ                                                       Ազգ. Միացեալ Վարժարան

ԱՌԱՋԻՆ

Գրտանեան Հրակ                                                               Մ.Տ.Կ.Կ. Դպրեվանք




Scroll Up