Արմէն Սարգսեան Ընդունած է Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունած է Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային կոմիտէի պատուիրակութիւնը:

Նախագահը ողջունած է համահայկական խաղերու իրականացումըն ու ընդհանրապէս համահայկական այդ նախաձեռնութեան գաղափարը, նշելով, որ խաղերու միաւորող ոգին պէտք է օգտագործուի նաեւ Հայաստան-Արցախ -սփիւռք կապերը աւելի սերտացնելու համար:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի մամլոյ ծառայութենէն, համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան նախագահին ներկայացուցած է խաղերու ծրագիրն ու մանրամասն տեղեկացուցած նախատեսուող մրցումներու մասին: «Միասնութիւն` մարզանքով» նշանաբանի տակ համահայկական հերթական խաղերու բացումը առաջին անգամ տեղի պիտի ունենայ Արցախի մէջ: Ամառնային խաղերուն այս տարի պիտի մասնակցին սփիւռքի աւելի քան 35 քաղաքներու ներկայացուցիչներ: Ծրագիրին մէջ ընդգրկուած 17 մարզաձեւէն 7-ի մրցումները տեղի պիտի ունենան Արցախի մէջ: Կ՛ակնկալուի 4000 մարզիկներու մասնակցութիւն Հայաստանէն, Արցախէն եւ աշխարհի տարբեր երկիրներէ:

Հանրապետութեան նախագահը կարեւոր համարած է, որ համահայկական խաղերը մարզական խաղեր ըլլալէն բացի նաեւ խթան կը հանդիսանան համահայկական համարկումի համար: «Ես ձեր շարժման մէջ կը տեսնեմ մեծ ուժ, որուն միջոցով կարելի է հայրենիքը աւելի ճանչցուած ու ճանաչելի դարձնել»,- դիմելով հանդիպման մասնակիցներուն` նշած է նախագահ Սարգսեան:

Scroll Up