Ներկայացուած Են Արեւմտահայ Կանանց Մասին Ուսումնասիրութեան Արդիւնքները
ՀՀ վարչապետի տիկին, «Իմ քայլը» եւ « City of smile ժպիտներու քաղաք» բարեգործական հիմնադրամներու հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Աննա Յակոբեան մայիս 27-ին հիւրընկալած է Մասաչուսէթսի արհեստագիտական համալսարան եւ հետազօտական կեդրոնի (MIT) փրոֆէսոր Լեռնա Էքմեքչիօղլուն, Քլարք համալսարանի ցեղասպանութիւններու եւ հոլոքոստի ուսումնասիրութիւններու Սթրեսլեր կեդրոնի դոկտորանտ Աննա Ալեքսանեանը, Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի փրոֆէսոր Մելիսա Պիլալը, Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի Հումանիտար եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի համակից փրոֆէսոր Հուրիկ Ադդարեանը, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի տեղակալ Լուսինէ Առաքէլեանը: Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Աննա Յակոբեանի գրասնեակէն, հանդիպման Լեռնա Էքմեքչիօղլուն եւ Մելիսա Պիլալը ներկայացուցած են հայ կանանց նուիրուած իրենց ուսումնասիրութիւններու արդիւնքները, որոնք կը փաստեն, որ ինչպէս պատմութեան տարբեր փուլերու մէջ, այնպէս ալ յատկապէս Ցեղասպանութեան ժամանակ հայ ազգի փրկութեան եւ վերածնունդի գործին մէջ կանանց դերակատարումը եւ ազդեցութիւնը եղած է հսկայական եւ որոշիչ:
Ուսումնասիրուած է 1860-1960-ական թուականներու ժամանակահատուածին Արեւմտեան Հայաստանի մէջ աշխոյժ գործունէութեան ծաւալած 12 հայ կանանց` Սրբուհի Տիւսաբի, Էլպիս Կեսարացեանի, Զապէլ Ասատուրի (Սիպիլ), Ելփիմէ Աւետիսեանի (Անայիս), Զարուհի Գալեմքերեանի, Արշակուհի Թէոդիկի, Մարի Պէյլերեանի, Զապէլ Եսայեանի, Զարուհի Պահրիի, Հայկանոյշ Մառքիի, Վարդուհի Քալանթար Նալպանտեանի, Սիրան Սեզայի կեանքն ու գործունէութիւնը: «Ցաւօք հայ ժողովուրդը շատ քիչ բան գիտէ այս կանանց մասին, մինչդեռ անոնք իրենց ժամանակին հսկայական գործունէութիւն ծաւալած են, բաւական մեծ ազգանուէր աշխատանք տարած եւ պէտք է անոնց ճանչնալ, անոնց գնահատել ու անոնց օրինակով վարակուիլ»,- ըսած է Լեռնա Էքմեքչիօղլուն: Հուրիկ Ադդարեան նշած է, որ ուսումնասիրութեան վրայ աշխատած են բաւական երկար ժամանակ եւ 2015 թուականին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին Երեւանի մէջ կազմակերպուած են գիտաժողով եւ ներկայացուցած արեւմտահայ կանանց դերակատարումը հայ ազգի վերածնունդի հարցին մէջ: «Սակայն այդ ժամանակ երազել անգամ չէինք կրնար, որ քանի մը տարի անց մեր ուսումնասիրութեամբ կը հետաքրքրուի երկրի վարչապետի տիկինն ու մեզի կ’աջակցի»:
Մելիսա Պիլալն ալ շեշտած է, որ ծանօթանալով Աննա Յակոբեանի գործունէութեան բաւական շատ ընդհանրութիւններ տեսած է Մարի Պէյլերեանի հետ, որ նոյնպէս բազմաթիւ յօդուածներ հրապարակած է պատերազմի եւ խաղաղութեան թեմայով, ինչպէս նաեւ նախորդ դարու սկիզբը հանդէս եկած է «Կինը յանուն խաղաղութեան» շարժումով:
«Շատ ոգեւորիչ են այս ուսումնասիրութեան արդիւնքները: Ատոնք ինծի ոչ միայն ուժ կու տան, այլեւ կարծես ամուր թիկունք կ՛ըլլան եւ կ՛ոգեւորեն ինծի իմ գործունէութեան ընթացքին»,-ըսած է Աննա Յակոբեան` շեշտելով արեւմտահայ կանանց գործունէութիւնը լայն շրջանակներուն հասանելի դարձնելու անհրաժեշտութիւնը: Աննա Առաքէլեան նշած է, որ Արեւելեան Հայաստանի մէջ նոյնպէս կան տասնեակ կանայք, որոնք հսկայական աշխատանք կատարած են եւ անոնց կեանքն ու գործունէութիւնը նոյնպէս պէտք է ուսումնասիրուի եւ ներկայացուի հանրութեան:
Արեւմտահայ կանանց մասին ուսումնասիրութիւններն արդէն հրատարակուած են անգլերէն եւ թրքերէն լեզուներով, շուտով նիւթերը հասանելի կ՛ըլլան նաեւ համացանցի վրայ: Սակայն ուսումնասիրութիւն իրականացուցած խումբի անդամները ձեռք բերածով սահմանափակուիլ չեն ցանկար: Անոնք կ՛առաջարկեն հայոց գրականութեան եւ Հայ ժողովուրդի պատմութեան դասագիրքերուն մէջ կատարել փոփոխութիւններ եւ կանանց մասին ուսումնասիրութիւնները ներառել այնտեղ: Աննա Յակոբեանի առաջարկութեամբ նախաձեռնող խումբի անդամները հէնց հանդիպման ժամանակ իրենց ծրագիրները ներկայացուցած են Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի տեղակալ Լուսինէ Առաքէլեանին: Վերջինս շեշտած է, որ հանդիպումը ճիշդ ժամանակին էր, քանի որ ներկայ դրութեամբ կ՛ընթանան կրթական եւ առարկայական չափանիշներու փոփոխում: «Այժմ պէտք է հասկնալ, թէ ինչ ձեւաչափով պէտք է այս ուսումնասիրութեան արդիւնքները հասանելի դարձնենք մեր դասագիրքերուն մէջ»,- ըսած է Լուսինէ Առաքէլեան: Կողմերը պայմանաւորուած են նեղ մասնագիտական հանդիպումներ կազմակերպել` քննարկելու յետագայ համագործակցութեան ուղիները:
Ապրիլ ամսուն Պոսթըն այցի ընթացքին Աննա Յակոբեան Մասաչուսէթսի արհեստագիտական համալսարան եւ հետազօտական կեդրոնին մէջ հանդիպած էր Լեռնա Էքմեքչիօղլուն եւ Աննա Ալեքսանեանին: Վերջիններս վարչապետի տիկնոջ ներկայացուցած էին ուսումնասիրութեան արդիւնքները` խնդրելով աջակցութիւն Հայաստանի մէջ այն դասագիրքերուն մէջ ներառելու հարցով: