«Լոյս» TV-ին Թուրքիոյ Առաջին Հայկական Հեռուստաալիքն Է

Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող պարբերականներուն հետ միասին շուրջ 5 ամիս է Քուրան ընտանիքի ջանքերով եթեր կը հեռարձակուի «Լոյս» թերթի համանուն TV-ին: «Ռատիոլուր»-ի հետ բացառիկ հարցազրոյցին Յարութիւն Քուրան նշած է, որ իրենց հիմնական նպատակն է պահպանել ազգային մշակոյթը, աւանդոյթները եւ ամենակարեւորը` մայրենին` արեւմտահայերէնը, երիտասարդներուն յիշեցնել իրենց հայկական արմատներուն մասին: Պոլսահայերն այսօր ուծացման եզրին  կանգնած են, իսկ ԶԼՄ-ներու դերը մեծ է այն կանխելու գործին մէջ:

Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ եթեր հեռարձակուող «Լոյս» TV-ի լուրերու մեկնաբան Պարգեւ Սամուէլեանն այս խօսքերով  ամէն ուրբաթ կը սկսի լուրերու թողարկումը: Յառաջիկային, ըստ Պարգեւի, կը ծրագրուի, որ լուրերը եթեր հեռարձակուին ամէնօրեայ կարգով: Իսկ մինչ այդ` «Լոյս» TV-ի մասին: Պոլսոյ «Լոյս» TV-ին պաշտօնապէս եթեր սկսած է հեռարձակուիլ այս տարի` Սուրբ Ծննդեան օրը: Պատահական ընտրուած օր չէ: «Ռատիոլուր»-ի հետ զրոյցին  հայկական առցանց հեռուստատեսութեան մասին պատմեց լրատուամիջոցի համահիմնադիր Յարութիւն Քուրան եւ նշեց, որ Սուրբ Ծննդեան օրով «Լոյս» TV-ին լոյս սփռեց հայութեան համար` հեռարձակելով Սուրբ պատարագ, եւ որպէս փորձութիւն սահմանեց դիտելիութեան առաջին ցուցանիշը.

«Մենք` ընտանիքով, 7 տարի կը տպագրենք «Լոյս» պարբերականը, եւ աշխարհով մէկ «Լոյս»-ը կը տարածուի` Արժանթինի, ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ մէջ: Եւ այսօր Թուրքիոյ մէջ ամենաշատ վաճառուող պարբերականներէն մէկն է: Հայրս` Արամ Քուրան,  գաղափար  մը ունէր, երազ, որպէսզի Թուրքիոյ մէջ բացուի հայկական հեռուստաալիք, որ աշխարհի բոլոր հայերուն տեղեակ կը պահէ Պոլսոյ մէջ բնակող հայ ընտանիքներու առօրեայի, կեանքի, դպրոցներու, եկեղեցւոյ, հիմնադրամներու գործունէութեան մասին:

Շուրջ 5 ամիս 24 ժամ առցանց հեռարձակում ապահովող «Լոյս» TV-ին այսօր բարձր վարկանիշ ունի: «Լոյս»-ը կը դիտեն ամէնուր, քանի որ հաղորդումները բազմաբովանդակ են եւ հիմնականին մէջ հայապահպանման նպատակ կը հետապնդեն: Ըստ Յարութիւն Քուրանի, համահիմնադիրները շատ յաւակնոտ ծրագիրներ ունին, սակայն ամենաառանցքայինը` արեւմտահայերէնի պահպանումն ու տարածումն է: Յարութիւն Քուրանի փոխանցմամբ, այսօր Պոլսոյ երիտասարդները կը հեռանան արեւմտահայերէնէն, իսկ «Լոյս»-ը հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ ապահովել 24 ժամեայ հաղորդումներ արեւմտահայերէնով եւ թրքերէնով: «Նախընտրած հաղորդումները հեռարձակելով` փորձ կ՛ըլլայ պահպանել մայրենի լեզուն»,- կ՛ըսէ Թուրքիոյ մէջ գործող միակ հայկական հեռուստատեսութեան համահիմնադիրը:

«Վստահ եմ, դուք ալ կը հասկնաք մեզ: Մենք ունինք բուն լեզու, մայր լեզու` արեւմտահայերէն, որ, ըստ միջազգային կառոյցներու, վտանգուած է: 15 հայկական դպրոց կայ, ես ալ  յաճախած եմ այդ դպրոցներէն մէկը, ու պէտք է ջանամ լաւցնել իմ հայերէնս: Դպրոցին մէջ շաբաթական 25 ժամ  հայերէն կ՛ուսուցանուի: Դուք ալ գիտէք, որ դուրսը ապրող հայը` Ֆրանսայի, ԱՄՆ-ի մէջ այդ երկրի լեզուով կը խօսի, եւ միայն իր ընտանիքին հետ  հայերէն կը խօսի, հայ ընկերներուն հետ: Իսկ մենք այս կերպ կը տարածենք հայերէնը, հայկական երգերը` իր տունը նստած կը միացնէ  հեռուստացոյցը եւ կը ստանայ արեւմտահայերէնով տեղեկութիւն»:

«Լոյս»-ը հիմնականին մէջ կը հովանաւորուի Քուրան ընտանիքին կողմէ, բայց եւ աջակիցներու մեծ բանակ ունի: «Գործը հեշտ գործ չէ, բայց ցանկութիւնները եւ ծրագիրները մեծ են»` կը շեշտէ Յարութիւն Քուրանը եւ կ՛աւելցնէ, որ իրենց կատարած աշխատանքն այսօր կը գնահատուի, ոչ միայն Սթամպուլի մէջ, այլեւ աշխարհի տարբեր մասերու մէջ  բնակող հայերու կողմէ: «Լոյս»-ի աշխատանքը ողջունուած է նաեւ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ:

«Մեր ամենադիւրին գործը եղաւ պետութենէն արտօնութիւն ստանալը: Մենք «Լոյս» TV-ի գաղափարը ներկայացուցինք կառավարութիւն, եւ պետութիւնը մեզի շատ արագ թոյլտւութիւն տուաւ, եւ այժմ կրնանք արեւմտահայերէնով հաղորդումներու տարածումը»:

Ըստ Յարութիւն Քուրանի, «Լոյս»-ի դռները բաց են բոլորի համար, եւ իրենք կը համագործակցին բոլոր ցանկացողներու հետ: «Լոյս» TV-ի մեկնաբան, լրագրող Պարգեւ Սամուէլեանի փոխանցմամբ ալ հեռուստատեսութեան մէջ այսօր հաղորդումներ կը պատրաստուին հայ եւ թուրք մասնագէտներու կողմէ:

Առողջապահական յայտագիր կայ, որ թրքերէնով կը սփռուի: Աշխատողները հիմնական հայ են: Ընտրողաբար չէ եղած, ի հարկէ: Եթեր կը հեռարձակուին հայրենիքի մասին պատմող լուրեր, միջազգային օրակարգին մէջ քննարկուող թեմաներ, ներհամայանքային հարցեր:

«Լոյս»-ը, ըստ հիմնադիրներու, այսօր կը կատարէ իր առջեւ դրուած կարեւոր առաքելութիւն` համախմբման եւ արեւմտահայերէնի պահպանման, ատիկա կը վկայեն դրական եւ ոգեւորիչ արձագանքները: Լոյսը եթեր կը հեռարձակուի Luys.tv  կայքի միջոցով:

Յասմիկ Մարտիրոսեան
«Ռատիոլուր»

 

 

Scroll Up