Արմէն Սարգսեան Հիւրընկալած Է Ֆրանսահայ Յայտնի Երգչուհի Ռոզի Արմէնը
Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր հիւրընկալած է ֆրանսահայ յայտնի երգչուհի Ռոզի Արմէնը:
Նախագահը գոհունակութեամբ նշած է, որ երգչուհին յաճախ կ՛այցելէ հայրենիք, ուր կը սիրեն զինք եւ կը գնահատեն անոր արուեստը: «Հայաստան-Սփիւռք կապը անցեալին նաեւ Ձեզ նման մարդոց միջոցով էր: Ձեր երգերը հոգեհարազատ են ժողովուրդին, եւ ամէն անգամ Ձեր կամ տաղանդաւոր միւս հայերու այցելութիւնները Հայաստան իսկապէս մեծ իրադարձութիւն կը դառնան»,-ըսած է նախագահը:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի մամլոյ ծառայութենէն, զրուցակիցներն անդրադարձած են Հայաստան-Սփիւռք կապերուն` համակարծիք ըլլալով, որ թէեւ մեր ժողովուրդը ճակատագրի բերումով ցրուած է ողջ աշխարհի մէջ, բայց ատիկա նաեւ առաւելութիւն կու տայ մեզի` համախմբելու տարբեր երկիրներու փորձն ու մեր հաւաքական ներուժը` հայրենիքի զարգացման համար: «Հայաստանն ամէն երկրի մէջ ոչ թէ մէկ, այլ բազմաթիւ դեսպաններ ունի, քանի որ ամէն հայ նաեւ իր երկրի ու իր ժողովուրդի դեսպանն է: Մենք ժողովուրդ մըն ենք եւ միասին շատ մեծ բաներ կրնանք ընել»,-ըսած է նախագահը:
Ռոզի Արմէնն իր հերթին նշած է, որ աշխարհի բոլոր հայերը կը ցանկան Հայաստան հզօր ու բարեկեցիկ տեսնել: Ան պատմած է իր յառաջիկայ նախագիծերու, ինչպէս նաեւ խօսած հայկական արուեստն ու մշակոյթն աշխարհին ներկայացնելու կարեւորութեան մասին:
Նախագահ Սարգսեան անդրադարձած է նաեւ նախագահական նստավայրին մէջ համերգներ, ցուցահանդէսներ եւ մշակութային այլ ձեռնարկներ կազմակերպելու իր նախաձեռնութեան` նշելով, որ այն շարունակական պիտի ըլլայ, եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է այդ նախաձեռնութեան ծիրէն ներս հիւրընկալել սիրուած երգչուհին: