Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Տօնը Թիֆլիսի Մէջ

Մայիս 28-ին Թիֆլիսի մէջ նշուեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 101-րդ տարեդարձը:
Թիֆլիսի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ մէջ հանրապետական մաղթանք հնչեց Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի խաղաղ ու բարեբեր կեանքի համար:
Այնուհետեւ Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` նուիրուած Հանրապետութեան օրուան: Ձեռնարկը մեկնարկեց Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Ռուբէն Սադոյեանի ելոյթով: Անդրադառնալով օրուան խորհուրդին` դեսպանն ընդգծեց Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան դերն ու նշանակութիւնը:
Ձեռնարկին ցուցադրուեցաւ Առաջին Հանրապետութեան ստեղծման պատմութեան մասին վաւերագրական ֆիլմ: Երգերով եւ երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան «Հայարտուն» կեդրոնի սաները, -կը գրէ Ալիք մետիան: