Խարկովի Մէջ Բացուած Է Ակսել Բակունցի Յուշատախտակը

Ուքրանիոյ Խարկով քաղաքին մէջ տեղի  ունեցած է հայ ճանչցուած գրող Ակսել Բակունցի յուշատախտակի բացումը` անոր ծննդեան 120-ամեակին առիթով, կը հաղորդէ AnalitikaUA.net-ը: Նախաձեռնողը Հայ Առաքելական Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ կրօնական համայնքն է:

Ձեռնարկին կազմակերպուած է Խարկովի Վ. Դոկուչաեւի անուան Ագրարային համալսարանին մէջ, որ Բակունցն աւարտած է 1923 թուականին: Ներկայ  եղած են պատուաւոր հիւրեր` համալսարանի ղեկավար Ալեքսանդր Ուլեանչենկոն, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ուքրանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Մարկոս եպիսկոպոս Յովհաննիսեան, Ուքրանիոյ հայ համայնքի գործադիր տնօրէն Յովակիմ Յարութիւնեան, Ուքրանիոյ պատուաւոր նկարիչ Գառնիկ Խաչատրեան, պատմական գիտութիւններու դասախօս եւ հայագէտ Իրինա Գայուկը, Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ կրօնական կազմակերպութեան նախագահ Արմէն Բակմանեան, ինչպէս նաեւ հիւրեր Հայաստանէն. գրողի ծոռը` Արմիկ Բակունց, Սիւնիքի նկարիչներու միութեան ղեկավար Ժիրայր Մարտիրոսեան, ՀՀ ԳԱԱ բնական գիտութիւններու բաժինի ղեկավար Մարտիկ Գասպարեան:

Ձեռնարկի աւարտին համալսարանի ղեկավարն ու ծրագրի նախաձեռնող եւ համակազմակերպիչ Սուսաննա Թամազեանը շնորհակալագիրներ  ստացած է Ուքրանիոյ մէջ հայկական մշակոյթի զարգացման գործին մէջ զգալի ներդրումի համար:

«Երկար տարիներ կար հայ մեծ գրող Ակսել Բակունցի յիշատակը յաւերժացնելու գաղափարը: Այսօր ընդհանուր ջանքերով ատիկա յաջողեցաւ»,- նշած է Սուսաննա Թամազեան:

Յիշեցնենք, որ Ուքրանիոյ հայերու միութեան ղեկավար Վիլէն Շատուորեան, նախապէս նշած էր, որ կազմակերպութիւնն ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի հայ-ուքրանական յարաբերութիւններն աւելի ամուր ըլլան:

Scroll Up