Անթիլիասի ՄԷջ Հրատարակուած Է «Մշակոյթը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ՄԷջ (1918-1920)» աշխատութիւնը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան հիմնադրամի» հրատարակութիւններու ծիրէն ներս լոյս տեսած է Գուրգէն Վարդանեանի հեղինակած «Մշակոյթը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան մէջ (1918-1920)» գիտական աշխատութիւնը:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը, մենագրութեան մէջ առաջին անգամ ամփոփ ներկայացուած են կրթական համակարգին մէջ, մշակոյթի տարբեր բնագաւառներու մէջ ազգային պետականաշինարարութեան գործընթացին իրականացուած ձեռնարկները:
Հատորը խմբագրած է Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան: