Քաղցրայուշերու Տետրակէս. Անմահ Լուսինէ Զաքարեան-Պալեանի Քաղցր Յիշատակին
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Ուրախութեամբ իմացանք, թէ Յունիս 1, 2019-ին, Երեւանի մէջ բացումը պիտի կատարուի անմահ Լուսինէ Զաքարեանի անունը կրող Տուն-թանգարանին: Բացման ներկայ պիտի ըլլան Ամենայն Հայոց Հայրապետ` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.-ը, պետական այրեր եւ Սփիւռքէն մեծաթիւ հիւրեր:
Լուսինէ Զաքարեան ծնած է Յունիս 1, 1937-ին, Վրաստանի Ախլցխա քաղաքին մէջ: 1952-ին ընտանեօք Երեւան կը տեղափոխուին եւ հոն կը հետեւի Երեւանի պետական երաժշտանոցի ձայնամարզութեան դասերուն: Հոն էր որ իր հրեշտակային ձայնով եւ կատարումով գրաւեց մեծաւորներու ուշադրութիւնը:
Երաժշտանոցը աւարտելէ ետք, կը հրաւիրուի ռատիոյի, հեռատեսիլի, պետական օփերայի մէջ գործելու, բայց մանաւանդ Վազգէն Վեհափառի ուշադրութիւնը կը գրաւէ եւ մօտ 14 տարի կ’երգէ Ս. Էջմիածնի երգչախումբին մէջ: Ան ամէն տեղ եղած է գլխաւոր երգչուհիի դերով:
Լուսինէ Զաքարեան ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Եւրոպայի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Հարաւային Ամերիկայի եւ Միջին Արեւելքի բազմաթիւ մեծանուն սրահներուն մէջ, ելոյթ ունեցած է եւ հայ երգը տարած է աշխարհի բազմաթիւ երկիրներ: Ան իր երգերով կարողացաւ բոլոր ունկնդիրներուն սիրտն ու հոգին, բոլորին միտքն ու ոգին կապել հայ երգին, հայ ստեղծագործ ու հանճարեղ ժողովուրդի մտքին հետ:
Դեկտ. 30, 1992ին, 55 տարեկան հասակին մեզմէ ֆիզիքապէս հեռացաւ Լուսինէ Զաքարեան:
1993-ին, Վազգէն Վեհափառի բարի կարգադրութեամբ, Լուսինէ Զաքարեան վերջնականապէս կը թաղուէր Էջմիածնի Ս. Գայեանէ եկեղեցւոյ պուրակին մէջ:
* * *
1986-ին, Արեւմտեան թեմի նախկին Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեանի արտօնութեամբ հիմը դրուեցաւ Կլէնտէյլի Հայ Առաքելական փոքր Ծուխի մը, վարձու փոքր եկեղեցիին մէջ Ս. պատարագ մատուցուեցաւ, որ ներկայիս Թահանկա քաղաքի Ամենայն Սրբոց եկեղեցին է: Այդ օրերուն մեր Ծուխի հովիւն էր Հայաստանէն ժամանած` Տէր Կոմիտաս աւագ քհնյ. Շիրինեան, որ թէ´ Վեհափառին, թէ´ Լուսինէ Զարքարեանին եւ թէ´ անոր ամուսին՝ Խորէն Պալեանին մօտէն ծանօթ էր:
Օգոստոսեան շատ տաք Ուրբաթ օր մը, հոգելոյս Տէր Կոմիտասը հեռաձայնեց, ըսելով որ Հայաստանէն ժամանած Լուսինէ Զաքարեանը, այս Կիրակի մեր եկեղեցին պիտի գայ եւ մեր 8 հոգինոց համեստ երգչախումբին հետ պիտի երգէ: Եւ Տէր Հայրը սկսաւ խօսիլ Լուսինէ Զաքարեանի մասին, ըսելու համար թէ ո՞վ է եկող հիւրը:
Անշուշտ, ես վախէս անմիջապէս միջամտեցի ըսելով. «Տէր հայր, գիտեմ ով է Լուսինէ Զաքարեանը, բայց զինք մեր համեստ Ծուխին փոքր եկեղեցին հրաւիրելը յարմա՞ր է»: Տէր հայրը պատասխանեց. «Գիտեմ, որ թերթերուն չենք կրնար ըսել»: Այն ատեն Սարգիս Մուրատեանի Armenian Teletime-ը կար, որոշեցինք անմիջապէս կապ պահել. ան ալ արդէն քանի մը օր առաջ իր ծրագիրը յանձնած ըլլալով, չկրցաւ մեզի օգտակար ըլլալ:
Ուրեմն մնացինք անձնական հեռաձայններ ընելով ժողովուրդը տեղեակ պահելու, ըսելով թէ Լուսինէ Զաքարեանը մեր եկեղեցին պիտի գայ եւ երգեցողութեան մասնակցի:
Կիրակի, Ս. Պատարագի օրը, Լուսինէ Զաքարեան մեր եկեղեցին եկաւ: Եղանակը շատ տաք էր եւ մենք մեր տուներէն հովահարներ բերած էինք, բայց անօգուտ էր:
Երբ մեր հիւրը եկաւ, մենք ալ շուարեցանք՝ ի՞նչ ըսել, ի՞նչ բացատրութիւն տալ, քանի որ հազիւ 40-50 հաւատացեալներ կային եկեղեցւոյ մէջ, բայց Լուսինէ Զաքարեան նկատելով մեր շուարած ըլլալը, ըսաւ. «Բնաւ մի մտահոգուիք, անգամ մը որ Ս. պատարագը սկսի, մենք այլեւս մտքով ու հոգիով Աստուծոյ հետ ենք: Բնաւ տարբերութիւն չընէր, թէ եկեղեցւոյ մէջ քանի հոգի կայ…»:
Եւ այդպէս ալ եղաւ: Ս. պատարագը հոգեպարար, աննախընթաց մթնոլորտի մէջ կատարուեցաւ եւ փոքրիկ եկեղեցին կարծես մեծ տաճար մը ըլլար:
Պատարագէն ետք ներքեւի սրահը իջանք, ուր հիւրասիրութիւն մը կազմակերպած էինք մեր թանկագին հիւրին: Ատենապետի պաշտօնիս բերումով հիւրին կողքը նստած էի եւ պարզ խօսակցութեան ընթացքին հրաշքի մասին խօսք եղաւ, երբ յանկարծ Լուսինէ Զաքարեան դարձաւ եւ ըսաւ, թէ՝ ինծի ալ նման հրաշք մը պատահած է: Եւ պատմեց, թէ ինք ծնած է Ախալցխա: Փոքր տարիքին, օր մը դպրոցէն վերադարձին, Փոցխով գետի հին, փտած կամուրջով տուն գացած ատեն, սահած եւ ինկած է Փոցխով գետը: Ծերուկ կին մը տեսած է պզտիկ աղջկան գետ իյնալը եւ սկսած է բարձրաձայն կանչել. «Երեխան գետը ինկաւ, գետը ինկաւ…»: Ժողովուրդը կը հաւաքուի, բայց տակաւին չեն գիտեր թէ ի՛նչ ընել: «Յանկարծ, 13-14 տարեկան պատանի մը, որ այդքան ալ լաւ լողալ չէր գիտեր, գետ նետուեցաւ եւ փրկեց զիս գետին եզերքը տանելով», ըսաւ Լուսինէ Զաքարեան, դէմքին վրայ մեծ ուրախութիւն մը ուրուագծելով:
Բոլորս ալ փառք տուինք Աստուծոյ, որ ճիշդ ատենին այդ պատանին գործածեց, մեր աննման Լուսինէն փրկելով եւ մեր հայ ազգի՝ այս գանձին կեանք տալով: Այդ զրոյցը անջնջելիօրէն մտքիս մէջ դրոշմուեցաւ, որպէս Լուսինէ Զաքարեանէն թանկագին յուշ:
Իսկ ես, այդ օրուընէ ի վեր գիտցայ Փոցխով գետի եւ Վրաստանի Ախլցխա շրջանի ուր ըլլալը:
Այսօր, Լուսինէ Զաքարեանի Տուն-թանգարանի բացման առիթով, սրտանց կը շնորհաւորեմ բոլոր այն բարերարները եւ հայրենի մեր պետութեան պատասխանատուները, որ այդ Տուն-թանգարանին կառուցումով արժանի գնահատանք մը ըրած եղան յաւերժի այս ճամբորդին, որ Լուսինէ Զաքարեան կը կոչուի:
Յարգանք եւ խոնարհում անոր յաւերժալոյս յիշատակին: