Այսօր Ընթացք Կ՛առնէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 28-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը

Այսօր ընթացք կ՛առնէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան աւանդապահական կարգով գումարուող 28-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը (Համագումարը), որ այս անգամ եւս՝ իր պատմութեան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով, կը գումարուի քաղաքամայր Երեւանի մէջ, 23–25 Մայիս 2019-ին: Համաժողովին կը մասնակցին ՌԱԿ-ի աշխարհասփիւռ՝ թիւով ընդհանուր  17 միաւորներու  պատուիրակները (Արեւելեան, Կեդրոնական եւ Արեւմտեան Գանատաներ, Արեւելեան եւ Արեւմտեան ափի ամերիկաներ, Լատինական Ամերիկա, Միացեալ Թագաւորութիւն, Ֆրանսա-Պելճիքա, Յունաստան, Կիպրոս, Լիբանան, Հալէպ եւ Դամասկոս, Երուսաղէմ, Յորդանան, Եգիպտոս եւ Արցախ) որոնք պիտի քննարկեն կուսակցութիւնը յուզող հարցեր, Հայաստանի, Արցախի եւ Հայաստանեայց մայր եկեղեցւոյ մասին կուսակցութեան տեսիլքը, կուսակցապատկան այլ կառոյցներու հետ առնչուած նիւթեր, ՌԱԿ-ի մամուլի զարգացումը, փոխուող աշխարհին ու ժամանակներուն հետ յարմարելու կարելիութիւնները, յաջորդող տարիներու կուսակցութեան ընդհանուր քաղաքականութիւնն ու ռազմավարութիւնը:

ՌԱԿ-ի աշխարհասփիւռ տարբեր շրջանակները կուսակցութեան գերագոյն օրէնսդիր մարմնին՝ Ընդհանուր Պատգամաւորական ժողովին պիտի ներկայացնեն իրենց նիւթաբարոյական տեղեկագիրները, նոյնը պիտի ընէ ՌԱԿ ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութիւնը առ ի քննարկում եւ գնահատական իր վերջին երեք տարիներու գործունէութեան:

Աւարտին  ՌԱԿ 28-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը պիտի ընտրէ յաջորդ երեք տարիներուն ընթացքին ՌԱԿ-ը ղեկավարող Կեդրոնական Վարչութիւնը:

Scroll Up