Զափորոժիէի Հայ Համայնքը Նիւթական Աջակցութիւն Ցուցաբերած Է Երկրապահին. տեսանիւթ

Երկրապահ կամաւորականներու միութիւնն (ԵԿՄ) իր հայրենասիրական առաքելութիւնն իրականացնելուն համաժողովրդական  աջակցութիւն կը ստանայ:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը  յայտնեն ԵԿՄ լրատուութեան բաժինէն, մայիս 22-ին  ԵԿՄ վարչութիւնը հիւրընկալած է Զափորոժիէի (Ուքրանիա) հայկական  համայնքի  նախագահ Արտաշէս Սարգսեանը, որ, կարեւորելով Երկրապահի գործունէութիւնը, իր համայնքին կողմէ նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերեց մեր բանակի թիւ մէկ օժանդակ հանդիսացող հասարակական կազմակերպութեան:

Ա. Սարգսեան յաճախ կ՛այցելէ Հայաստան եւ կը սատարէ հայրենասիրական ծրագիրներ իրականացնող կառոյցներուն: Այս անգամ որոշած է աջակցիլ Երկրապահ կամաւորականներու միութեան, քանի որ. «Որքան ուժեղ է մեր զինուորը, այնքան հզօր է մեր հայրենիքը: Իսկ երկրապահ կամաւորականը մշտապէս հայ զինուորի կողքին է` անոր աջակիցը»,- կ՛ըսէ Զափորոժիէի հայ համայնքի ղեկավարը:

Ան նաեւ կոչ ըրաւ աշխարհասփիւռ հայերուն հետեւելու իրենց համայնքի օրինակին` աջակցութիւն ցուցաբերելու վերակազմաւորուած ԵԿՄ-ին` զօրակցելով եւ սատարելով երկրապահի իրականացուցած հայրենանուէր գործունէութիւնը:

ԵԿՄ վարչութեան նախագահ Սասուն Միքայէլեանին եւ փոխնախագահ Մանուէլ Եղիազարեանին Արտաշէս Սարգսեանը փոխանցեց Զափորոժիէի հայ համայնքի խորհրդանշական պարգեւները:

Սասուն Միքայէլեան շնորհակալագիր յանձնեց Ա. Սարգսեանին եւ վստահեցուց, որ ինչպէս այս, այնպէս ալ յետագայ աջակցութիւնները իր ղեկավարած կառոյցը  պիտի ծառայեցնէ միմիայն ազգանպաստ գործունէութեան իրականացման համար:

Scroll Up