Շառլ Ազնաւուրի Մանկութեան Տան Պատին Յուշատախտակ Մը Տեղադրուած Է
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2019/05/1-44.jpg)
Մայիս 21-ին` ֆրանսահայ աշխարհահչակ շանսոնյէ Շառլ Ազնաւուրի ծննդեան նախօրէին, Ազնաւուր ընտանիքի փարիզեան առաջին բնակարանի պատին յուշատախտակ մը տեղադրուած է:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»-ը, բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղած են Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիդալկոն, քաղաքային իշխանութիւններու, ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ, նշանաւոր անձիք եւ, ի հարկէ, Ազնաւուր ընտանիքի անդամները:
Յուշատախտակը տեղադրուած է Փարիզի 6-րդ շրջանի Մսիօ լը Փրենս 36 հասցէին, ուր Փարիզ ժամանելէն յետոյ բնակութիւն հաստատած է Ազնաւուրեաններու ընտանիքը, ուր եւ անցած է Շառլ Ազնաւուրի մանկութիւնը:
«Զգացուած եմ, որ մեր սերունդներուն համար զետեղուեցաւ աշխարհահռչակ հայու յուշատախտակը, ինչպէս նաեւ շնորհակալ եմ Ֆրանսային՝ իր զաւակները չմոռնալու համար»,-«Հայերն այսօր»-ին հետ զրոյցին ըսաւ ձեռնարկին ներկայ ֆրանսաբնակ օփերայի երգիչ Ադամ Պարրոն:
Աւելցնենք, որ մեծանուն արուեստագէտի ծննդեան տարեդարձին ընդառաջ եւ ամբողջ տարուան ընթացքին աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ անոր արուեստը նշանաւորող ձեռնարկներ` ցուցահանդէսներ, համերգներ, յուշարձաններու բացում, հանրային վայրերու, հաստատութիւններու անուանակոչութիւն պիտի կազմակերպուին:
Մայիս 22-ին կը լրանայ յայտնի արուեստագէտ Շառլ Ազնաւուրի 95-ամեակը: