Ազնաւուրի 95-ամեակի Առթիւ Փարիզի ՄԷջ Շարք Մը Ձեռարկներ Տեղի Կ՛ունենան
Մայիս 22-ին կը լրանայ «Ազնաւուր» հիմնադրամի համահիմնադիր, յայտնի արուեստագէտ Շառլ Ազնաւուրի 95-ամեակը: Հիմնադրամէն կը յայտնեն, որ մեծանուն արուեստագէտի ծննդեան տարեդարձին ընդառաջ եւ ամբողջ տարուան ընթացքին աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ անոր արուեստը նշանաւորող ձեռնարկներ կը կազմակերպուին` ցուցահանդէսներ, համերգներ, յուշարձաններու բացում, հանրային վայրերու, հաստատութիւններու անուանակոչութիւն:
Մեծ արուեստագէտի 95-ամեակի առթիւ Փարիզի քաղաքապետարանը, համագործակցելով «Ազնաւուր» հիմնադրամին հետ, Ազնաւուրի ծննդեան օրուան նախօրէին` մայիս 21-ին, Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ կը կազմակերպէ հետեւեալ ձեռնարկները`
Մայիս 21-ին` Փարիզի ժամանակով 11:15-ին, Ազնաւուր ընտանիքի փարիզեան առաջին բնակարանի հասցէին մէջ կը բացուի յուշատախտակ` Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիդալկոյի, քաղաքային իշխանութիւններու, նշանաւոր անձանց եւ, ի հարկէ, Ազնաւուր ընտանիքի անդամներու ներկայութեամբ:
Յուշատախտակը կը տեղադրուի Փարիզի 6-րդ շրջանի Մսիօ լը Փրենս 36 հասցէին, ուր Փարիզ ժամանելէ յետոյ բնակութիւն հաստատած է Ազնաւուրեաններու ընտանիքը, եւ ուր անցած է Շառլ Ազնաւուրի մանկութիւնը:
Տօնակատարութիւնը համերգային ձեւաչափով կը շարունակուի Փարիզի քաղաքապետարանին յարող հրապարակին վրայ, ուր Փարիզի ժամանակով ժամը 17:00-էն կը սկսի համերգ` նուիրուած Ազնաւուրի տարեդարձին:
Համերգին ելոյթներով հանդէս կու գան Փարիզի քաղաքային երգչախումբը, Անտրէ Մանուկեանը, Ժոանա Մենդիլը, Եսայի Ալթունեանը, Ազնաւուրին նուագակցած դաշնակահար Էրիկ Պերշոն եւ այլ երաժիշտներ: