Մեկնարկեցին Պեռլինի «Գերմանա-Հայկական Մշակութային Օրերը»

«Հայերու երկրի միջով» խորագիրը կրող լուսանկարներու ցուցահանդէսի բացման արարողութեամբ մայիս 18-ին Պեռլինի Գարլսհորստ շրջանի մշակոյթի տան ցուցասրահին մէջ մեկնարկեցին Պեռլինի «Գերմանա-հայկական մշակութային օրերը», որն աւանդաբար կը կազմակերպուի «Հայ եւ եւրոպացի մասնագէտերու ընկերակցութեան» (ՀԵՄԱ) հասարակական կազմակերպութեան կողմէ:

«Հայերն այսօր»-ի տեղեկացմամբ, բացման արարողութեան ներկայ էին ԳԴՀ-ի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Սմբատեան, Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Յարութիւն Գրիգորեան, Գերմանիոյ Հայոց թեմի հոգեւոր հովիւ Հայր Եղիշէ վարդապետ Աւետիսեան, Պեռլինի եկեղեցական եւ մշակութային հայ համայնքի ատենապետուհի Սոնա Այպպերը, Պեռլինի Լիխտենբերկ շրջանի քաղաքապետի ներկայացուցիչ Քատրին Ֆրամկեն, Գերմանական Պունտեսթակի նախկին պատգամաւոր, փրոֆ. դր. Մարտին Պետցոլդը եւ այլ հիւրեր:

Պեռլինի «Գերմանա-հայկական մշակութային օրերը» կը կայանան Պեռլինի Լիխտենբերգ շրջանի Պիւրգերմայստեր Միխայիլ Գրունստի եւ գերմանական Պունտեսթակի նախկին պատգամաւոր (2012-17թթ.) փրոֆ. դր. Մարտին Պետցոլդի հովանաւորութեամբ: Ձեռնարիին գունաւոր լուսանկարներու տրամադրումով աջակցած է նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը` համագործակցելով ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան հետ: Ցուցահանդէսի կազմակերպման աջակցած է նաեւ Պեռլինի Գարլսհորստ շրջանի մշակոյթի տունը:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Քատրին Ֆրամկեն` նշելով, որ ամէն անգամ Հայաստանի մասին խօսելուն` կը յիշէ վաղամեռիկ  Ալինա Պետցոլդ-Մարտիրոսեանը, որ իր կատարած աշխատանքներով զգալիօրէն հարստացուցած է Պեռլինի Լիխտենբերգ շրջանի մշակութային կեանքը եւ իր հայկական հետքը ձգած այնտեղ: Փրոֆ. դր. Մարտին Պետցոլդին յատուկ շնորհակալութիւն  յայտնած է կազմակերպիչներուն, առանձնապէս ՀԵՄԱ հ/կ առաջին նախագահ Միքայէլ Մինասեանին` ծաւալած արդիւնաւէտ գործունէութեան եւ հայ-գերմանական յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ ունեցած մեծ աւանդի համար:  Ապա Մարտին Պետցոլդը մեծ ոգեւորութեամբ ողջունած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական դրական տեղաշարժերը եւ երկրին մէջ ընթացող դրական փոփոխութիւնները:

Ներկաները ողջունած է նաեւ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր  Աշոտ Սմբատեան` գերմանացի բարեկամներուն շնորհակալութիւն յայտնելով հինգ տարի շարունակ ՀԵՄԱ հ/կ-ին, մշակութային օրերու կազմակերպման նպատակով, նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերելու համար: Ելոյթ  ունեցած են նաեւ Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Յարութիւն Գրիգորեան եւ արուեստաբան, արուեստագիտութեան թեկնածու, լրագրող Գայեանէ Առաքէլեան:

Ցուցահանդէսի գեղարուեստական հատուածին մէջ երաժշտական կատարումներով հանդէս  եկած են դաշնակահարուհի Կարինէ Գիլանեան եւ ջութակահարուհի Լիլիթ Ռոստոմեան:

Աւելցնենք, որ արդէն հինգերորդ անգամ տեղի ունեցող ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ յունիս 23, որուն ընթացքին գերմանացիները հնարաւորութիւն պիտի  ունենան ծանօթանալու Հայաստանի պատմամշակութային արժէքներուն:

 

Scroll Up