Աշխատանքով Ապահովելու Ծրագիրի Մեկնարկ Նաեւ Սուրիահայերու Համար

«Վորլտ Վիժն Հայաստան»-ը կը յայտարարէ սուրիահայերուն, տեղացիներուն եւ տեղահանուած ու հակամարտութենէ տուժած անձանց աշխատանքով ապահովելու ծրագիրի մեկնարկի մասին:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը, ծրագիրին մէջ ընդգրկուած անձիք կը մասնակցին տեխնիկական եւ մասնագիտական դասընթացներու:

Գործատուներու հետ համաձայնութեան հետեւանքով, մասնակիցներէն կ’ընտրուին իւրաքանչիւր թափուր աշխատատեղի համար ամենայարմար թեկնածուները եւ կը տեղաւորուին աշխատանքի:

Ծրագիրին կրնան մասնակցիլ աշխատանք գտնելու ցանկութիւն ունեցող անձիք, որոնք պատրաստակամութիւն ունին  մասնակցելու անհրաժեշտ վերապատրաստման դասընթացներուն:

Դիմումներու վերջնաժամկէտը յունիս 30-ն է:

Ծրագիրին դիմելու համար անհրաժեշտ է լրացնել հարցաթերթիկը, այցելելով` այստեղ` https:// եւ ուղարկել հետեւեալ ել. հասցէին`garen_kabrjian@wvi.org կամ ներկայացնել «Վորլտ Վիժն Հայաստան» ազգային գրասենեակ (հասցէ` ք. Երեւան, Ռոմանոս Մելիքեան 1):

Ծրագիրի ու դիմումներու մասին հարցեր ունենալու պարագային զանգահարէք Կարէն Քաբրջեանին` 095-005836 հեռախօսահամարով:

Scroll Up