Նիկոլ Փաշինեան Այցելած Է ՊՆ Կեդրոնական Զինուորական Հիւանդանոց
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեանի եւ Զինուած ուժերու գլխաւոր բաժինի պետ Արտակ Դաւթեանի ուղեկցութեամբ այցելած է ՊՆ կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ վարչապետի մամլոյ ծառայութենէն, վարչապետը տեսակցած է հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցներէն հրազէնային վիրաւորումներ ստացած զինծառայողներ Արգիշտի Սեպխանեանը եւ Աղանիկ Զօրողեանը:
Բժշկական անձնակազմը վարչապետին ներկայացուցած է զինծառայողներու առողջական վիճակն ու ապաքինման ընթացքը: Նիկոլ Փաշինեան զրուցած է զինծառայողներու եւ անոնց ծնողներուն հետ: Վարչապետը մաղթած է շուտափոյթ ապաքինում եւ շնորհակալութիւն յայտնած զինծառայողներուն անձնուէր ծառայութեան համար:
Կառավարութեան ղեկավարն այցելած է նաեւ այլ սենեակներ` առողջութիւն մաղթած բուժուող զինծառայողներուն:
Վարչապետ Փաշինեան զինուորական հիւանդանոցին մէջ Դաւիթ Տոնոյեանի, Արտակ Դաւթեանի եւ Պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Մակար Ղամբարեանի մասնակցութեամբ ունեցած է խորհրդակցութիւն: