Թողարկուած Է «Թումանեանական» Գինիներու Յատուկ Շարք
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2019/05/Takar.jpg)
Այս տարի հայ ժողովուրդը կը տօնէ Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանը: Յիրաւի, այն մեծ տօն է հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, որովհետեւ Յովհաննէս Թումանեան համազգային, համամարդկային երեւոյթ է. անոր հանճարի լոյսն ու ահագնութիւնը, հայ գրականութեան եւ իրականութեան մէջ անոր շքեղ փայլատակումը, ձգած խոր եւ անեղծանելի հետքը ոչ միայն հայ ժողովուրդի, այլեւ համայն մարդկութեան աստուածային շնորհն են:
Թումանեանի մասին եղած յուշերը կը փաստեն, որ ան կը սիրէր մասնակցիլ խնջոյքներու եւ իր խօսքի յատուկ շքեղութեամբ կենացներ խմէր: Բազմաթիւ պատմութիւններն այն մասին, որ Թումանեան կը սիրէր գինի խմել: Վահան Թոթովենցն իր յուշերուն մէջ կը պատմէ, որ Թումանեան գինի կը խմէր յատուկ հանդիսաւորութեամբ. «Թումանեան գինի կը խմէր էպիկական հանդիսաւորութեամբ: Անոր համար գինիին բաժակը բերան տանիլը սրբազան արարողութիւն մըն էր: Սովորութիւն ունէր, որ խօսքը սկսելուն բաժակը ցած կը դնէր միայն այն պարագային, երբ երկու ձեռքերն ալ հարկաւոր էին խօսքն ուժեղացնելու համար: Գինին անոր համար հոմերական ըմպելիք էր, ատոր հետ կապուած էր դիւցազնական բովանդակ պոէզիայով»:
Այս տարի մեծանուն գրողի յոբելեանին նուիրուած բազմաթիւ ձեռնարկներ կը կազմակերպուին: Բայց ալ ի՞նչ տօնակատարութիւն առանց թումանեանական կենացներու ու անոր սիրելի գինիի: Այս հրաշալի առիթի կապակցութեամբ «Արմենիա Վայն» ընկերութիւնը եւ Յ. Թումանեանի թանգարանը համատեղ նախաձեռնութեամբ թողարկած են «Տակառ» գինիներու յատուկ շարք, որոնք փաթեթաւորուած են յոբելենական յատուկ դիմապիտակներով, եւ մայիս 16-ին հէնց գրողի թանգարանին մէջ կազմակերպուեցաւ գինետօն:
Նոր գինիները հնարաւոր է ձեռք բերել հէնց թանգարանի յուշանուէրներու բաժինին մէջ: Շուտով սահմանափակ քանակութեամբ ատոնք հասանելի կ՛ըլլան նաեւ առեւտրային եւ ժամանցային կեդրոններու մէջ: Գինին ինքնին կը ստեղծէ իւրայատուկ նրբերանգներով տրամադրութիւն, բայց այս անգամ այն պիտի ուղեկցուի թումանեանական քառեակներու իմաստնութեամբ, որոնք գրքոյկներու տեսքով պիտի տրամադրուին գինիի հետ միասին:
«Տակառ» գինին հայաստանեան գինեգործութեան հնագոյն պատմութեան իւրայատուկ մարմնաւորում է, որ կ՛արտայայտէ հայկական տէրուարի (ծննդավայր, այսինքն` աշխարհագրական բնութագիր-Հ.Ա.)անզուգական հարստութիւնը: