Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջ. Վարչութիւնը կը Պատուէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Անթիլիասի Յոյն Մարզիչը
Չորեքշաբթի՝ 15 Մայիսի 2019-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Յունաստանի Շրջ. Վարչութիւնը յուշանուէրով մը պատուեց Յունաստանի «Օլիմպիաքոս» կողովագնդակի աղջկանց խումբի մարզիչ Էլենի Քափոյանին, որ անցեալ տարեշրջանի ընթացքին ստանձնած էր Լիբանանի Անթիլիասի շրջանին մէջ գործող Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կողովագնդակի աղջկանց խումբի մարզիչի պաշտօնը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատ օր»-ը։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի խումբը, յոյն մարզիչի պատասխանատուութեան տակ, տարեշրջանի ընթացքին ունեցաւ փայլուն յաջողութիւններ եւ ստացաւ չորս առաջնութիւններ, ինչպէս՝ Լիբանանի կողովագնդակի ախոյեանութեան եւ արաբական երկիրներու ախոյեանութեան զոյգ բաժակները։
Պարգեւատրումը կատարեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջ. Վարչութեան անդամ քոյր Արշա Սամուէլեան։ Ներկայ էին նաեւ Աթէնքի մասնաճիւղէն եղբայրներ Կարպիս Ճանիկեան եւ Յովհաննէս Թէրզեան։
Յոյն մարզիչը գովասանքով արտայայտուեցաւ հայութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասին՝ մասնաւորապէս նշում ընելով ջերմ մթնոլորտին համար, որ տիրեց Անթիլիասի խումբին ու վարչութեան հետ իր գործակցութեան ամբողջ շրջանին։
Իր հայասիրական զգացումները եւ շնորհակալութիւնները յայտնելով Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջ. Վարչութեան՝ Քափոյանի ըսաւ.- «Հպարտ եմ, որ առիթը ունեցայ ճանչնալու ազգ մը, որ յոյներէն տարբեր չէ։ Ես այլեւս որպէս հայ կը զգամ։ Պատրաստ եմ իմ մարզական ծառայութիւններս եւ ամէն տեսակի օգնութիւն ընձեռելու Հ.Մ.Ը.Մ.-ին եւ յունահայ համայնքին»։